Jump to content

Արմենիա (Պելիզ)

Բնակավայր
Արմենիա
անգլերէն՝ Armenia
Երկիր  Պելիզ
Բնակչութիւն 1395 մարդ (2010)[1]
Ժամային գօտի Կեդրոնական ժամային գօտի

Արմենիա (Պելիզ), Կեդրոնական Ամերիկայի Եուկատան թերակղզիի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ քաղաք:

Եուկատան թերակղզիի հարաւարեւելեան գիւղերէն մէկուն մէջ անցեալին ապրած են գաղթականներ` Կուաթեմալայէն եւ Հոնտուրասէն: ԺԹ. դարու սկիզբը այս վայրը ներգաղթած են նաեւ հայեր եւ յոյներ` Թուրքիայէն: Կ'ենթադրուի, թէ այս վայրը մեծաթիւ ներգաղթեալ հայերու շնորհիւ ստացած է Արմենիա անուանումը:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ այդ գիւղը անցեալին ի՞նչ կոչուած է: Սակայն այդ գիւղին մէջ այսօր հայեր գրեթէ չեն բնակիր: Կ'ենթադրուի, թէ անոնք ժամանակին ձուլուած են տեղացի բնակչութեան կամ Պելիզէն արտագաղթած են երկրաշարժէն ետք[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]