Jump to content

Արեւելահայ մշակութային կեանքը 1900-1910-ական տարիներուն

Արեւելահայ ճակատ

1907-էն՝ հոս ծայր առած էին նոր ճնշումներ՝ ոստիկանական հալածանք-ձերբակալութիւն, բանտարկութիւն, դատ (ինչպէս Ահարոնեանի եւ ուրիշներու համար)։ Բայց սեղմումները՝ հոս, նոյնքան սպաննիչ չեն։ Արեւելահայութիւնը չափով մը կը շարունակէ իր մշակութային առաջընթացը։ Գրական արեւելահայերէնը աւելի կը նրբանայ։

Կրթական այլ օճախներու հետ՝ առաջին գիծի վրայ, կը գործեն Գէորգեան ճեմարանը (էջմիածին) եւ Ներսէսեան վարժարանը (Թիֆլիս)։ Կը վերապրին գրական-բանասիրական լուրջ թերթեր («Մուրճ», «Ազգագրական Հանդէս», «Թատրոն», «Գեղարուեստ» եւ այլն) տարագիրքեր, որոնք կը հետեւին գրական այժմէականութեան, բայց նաեւ կը լծուին հայ մշակոյթի արմատներու որոնման։ Կը տարուին աշխատանքներ՝ հին ու միջնադարեան հայ գրականութեան շուրջ, հայերէնի լեզուաբանութեան մասին։ Կը գրուին բառարաններ։