Jump to content

Արա Տարզի Թերզեան

Արա Տարզի Թերզեան
Ծնած է 7 Մայիս 1960
Ծննդավայր Պաղտատ, Իրաք
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Ակադեմիկոս, Փրոֆեսոր, վիրաբոյժ, մանր մարդամեքենաներու (robots) միջոցով վիրաբոյժ
Վարած պաշտօններ Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահ

Լորտ Արա Տարզի Թերզեան Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, փրոֆեսոր։ Բրիտանահայ ականաւոր վիրաբոյժ, Առողջապահական համաշխարհային նորարարութիւններու հիմնարկի նախագահ, Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախկին նախարար [1]: Արա մասնագէտ մըն է յատկապէս մարդամեքենաներով եւ նուազագոյն բացուածքներէ կատարուող վիրաբուժական գործողութիւններու[2]: Հայաստանի Գիտութեան եւ Արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) կառավարման խորհուրդի անդամ է[3]:

Լորտ կամ ասպետ (սըր) Արա Տարզի Թերզեան ծնած է 7 Մայիս 1960-ին, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ։ Հայրը՝ Վարդգէս Տարզին, 1915 թ., ցեղասպանութիւնէն մազապուրծ, հասեր էր Իրաք։ Ան մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Է, կրթութիւն ստացեր էր Քալիֆորնիա, Պըրքլիի համալսարանէն:

Մանկութեան շրջանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանկության մեծ մասը Արա Տարզին անցուցած է Իրլանտայի Տապլին քաղաքին մէջ, ուր հաստատուեր էր Թերզյեններու ընտանիքը։ Տապլինի մէջ ալ «Թերզեան» մականունը կամ ազգանունը իրլանդացիներու թեթեւ ձեռքով վերափոխուեցաւ «Տարզիի»։ Վարդգէս Տարզին իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Մեր ընտանիքը իսկական հայկական ընտանիք է, շատ համերաշխ ու համախմբուած, եւ ես իմ որդիին դաստիարակեր եմ հայկական ոգիով»։ Արա Տարզին նախնական կրթութիւնը Տապլինի մէջ ստանալէն յետոյ յստակ որոշեց իր մասնագիտական ուղղութիւնը. այդ բժշկագիտութիւնն էր։ Մինչդեռ հայրը շատ կ'ուզէր ու կ'երազէր, որ որդին երթայ իր հետքերով։

Լորտ Արա Տարզի Թերզեան ստացեր է բժշկական փայլուն կրթութիւն։ Ստացեր է Տապլինի բժշկական համալսարանի վիրաբուժութեանան կաճառը, Մեծ Բրիտանիայի վիրաբուժութեան արքայական համալսարանի, վիրաբուժութեան Ամերիկեան համալսարանի, Կլազկոյի վիրաբուժութեան եւ բժշկագիտութեան արքայական համալսարանի, Էտինպըրկի վիրաբուժութեան համալսարանի, Լոնտոնի բժշկագիտութեան ակադեմիայի, Արքայական գիտաարուեստներու ակադեմիայի տիպլոմներ։

Առողջապահութեան նախարար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունիս 2007ին, Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն յայտնի վիրաբոյժ Արա Տարզին (Թերզեան) նշանակեց առողջապահութեան նախարար: Ան Բրիտանիոյ նախորդ կառավարութեան վիրաբուժական հարցերու խորհրդատուն էր:իր իրագործումներուն համար ասպետի (սըր) կոչում ստացած է Բրիտանիոյ թագուհիէն 2003ին: Ան նոյն տարին Բրիտանիոյ քաղաքացիութիւն ստացած էր [2]:

Լորտ Արա Տարզի Կոչ Կ՛ուղղէ Մեծն Բրիտանիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«The Guardian»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, Տարզի նշած է, որ կ՛ողջունէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը եւ մտահոգուած է նման գործընթացի բացակայութեամբ՝ Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ[1]:

«Որպէս Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ առաջին հայ, այնքան ուրախ եմ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը քուէարկութեամբ ճանչցած է մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց ես հիասթափուած եմ, որ բրիտանական կառավարութիւնը կը հրաժարի ճանչնալէ 1,5 միլիոն հայերու սպանդը: Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ընդհանուր լռութիւնը ժամանակին մէջբերած էր Հիթլեր, երբ կը ծրագրէր Եւրոպայի հրէական բնակչութեան բնաջնջումը: Իմ եւ իմ հայրենակիցներուն համար, ուժգին ցաւի աղբիւր է այն, որ մեր կառավարութիւնը յամառօրէն կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը` մեկնելով Թուրքիոյ` ՆԱԹՕ-ի գործընկերոջը, նեղացնելու մտավախութենէն»[1],-
- Լորտ Արա Տարզի Թերզեան


Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

26 Օգոստոս 2020ին, Մեծն Բրիտանիոյ հեղինակաւոր British Science Association-ը կը տեղեկացնէ, թէ 2020 Սեպտեմբերէն ընկերակցութեան նախագահ կը դառնայ աշխարհահռչակ վիրաբոյժ փրոֆ. լորտ Արա Տարզի աֆ Տենհամ (Արա Վարդգէս Թերզեան)[4]: Տարզի, որ նախապէս վարած է Միացեալ Թագաւորութեան Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը, ծանօթ անուն մը դարձած է յատկապէս մանր մարդամեքենաներու (robots) միջոցով վիրահատութեան ռահվիրայի իր հանգամանքով[5]:,

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]