Jump to content

Արա Ճուհարեան


Ծննդավայր Հալէպ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական Քրիստոնեայ
Կարողութիւն Բանաստեղծ, ճարտարապետ, խմբագիր, հրապարակագիր
Մասնագիտութիւն Ճարտարապետ
Աշխատավայր ճարտարապետ
Ծնողներ հայր՝ Կարապետ Ճուհարեան
Երեխաներ Շաղիկ, Ժպիտ, Աստղիկ

Արա Ճուհարեան, ճարտարապետ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հրապարակագիր:

Արա Ճուհարեան ծնած է Հալէպ եւ 2006-ին փոխադրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, որպէս ղեկավար ճարտարապետ ունեցած է ծաւալուն գործունէութիւն: Նախագծած, ծրագրած եւ հովանաւորած է շինարարական աշխատանքներ՝ պանդոկներ, հիւանդանոցներ եւ բնակելի շէնքեր, Տուպայի, Ռաս էլ Խէյմէի եւ Շարժայի մէջ:

Դասախօսական շարք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004 թուականին, Շարժայի Օհաննէսեան վարժարանի հոգաբարձութեան հրաւէրով ընկերակցած է իր հօր,մեծահամբաւ ուսուցիչ եւ «Մրգաստան» հայերէն լեզուի դասագիրքերու հեղինակ Կարապետ Ճուհարեանի, ուր միասնաբար կատարած են տասնօրեայ դասախօսական շարք մը՝ միջին արեւելքի հայախօս պատանիներու համար Հայերէն լեզու դասաւանդելու եղանակին շուրջ:

Խմբագիր «Շիրակ» ամսագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան վարած է գլխաւոր խմբագիրի պաշտօն՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» գրականութեան եւ Արուեստներու ամսագիրին:

Հայերէն Լեզու եւ Գրականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արա Ճուհարեան որպէս հրապարակագիր ունի յօդուածներ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ գրականութեան շուրջ հրատարակուած՝ Շիրակի, Զարթօնքի եւ այլ պարբերականներու մէջ:

Արա Ճուհարեան հեղինակն է՝ «ԵՐԿՈՒ» խորագիրով բանաստեղծութիւններու հատորի մը (119 էջ), որ 2001 թուականին արժանացած է Գէորգ Մելիտենեցի Գրական Մրցանակին:

«ԵՐԿՈՒ» հատորը նուաճած Է «worldcat» համաշխարհային գրադարաններու ցանցին եւ «VIAF» վիրդուալ (virtual) միջազգային հեղինակութիւն ֆայլ հարթակին, որոնցմէ են՝ Ամերիկեան Քոնկրէսի Գրադարան, Ֆրանսայի Ազգային Գրադարան եւ Գերմանիոյ Ազգային Գրադարան:

«ԵՐԿՈՒ» ՀԱՏՈՐԷՆ

ՍԻՐՈՅ ՆԱՄԱԿ

Ցնորաթափ տրտմութեանս մէջ կը պահեմ

կենսագրութիւնդ

երեկոներ խորհրդաւոր կը հսկեն

տեւողութիւնդ


Տանելու համար քեզ ննջարանս

կը մարեմ նախապաշարումներու լոյսերը

եւ յիշատակդ

ծուխի մը պէս կը բարձրացնեմ

մեկուսացման ծխնելոյզէն


Կ՛արտօնե՞ս արդեօք

որ ես շինեմ այսօր տեսիլքներդ

որպէս վերադարձ կայան մեր սիրոյ


Կարօտս քեզի կը բերեմ

որ շշնջաս վանկ առ վանկ

որպէս հին տառապանք

եւ լինելութեան ըմպանակիդ մէջ պահես

զիս

եսակորոյս վերացումէն


Վերստին կ՛ուզեմ ճանչնալ քեզ

Ինքնակերտմանս մէջ