Արաքս (ամսագիր, Լառնակա)

«Արաքս», պարբերաթերթ, լոյս տեսած է 19241929-ին, Լառնակայի մէջ (Կիպրոս)։ Տնօրէնն էր Մ. Մոստիճեանը։ «Արաքս» լուսաբանած է Կիպրոսի հայկական գաղութի կեանքը, պարբերաբար յօդուածներ ու լուրեր արտատպած է «Խորհրդային Հայաստան» թերթէն։ Մեծ տեղ յատկացուցած է քաղաքական ընթացիկ լուրերուն։ «Արաքս»-ի նիւթերու մէ մասը լոյս տեսած է անգլերէն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։