Արարատ (ամսագիր)
«Արարատ», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի առաջին պաշտօնական հրատարակութիւնը: Լոյս է տեսած է 1868-1919 թուականներուն, Էջմիածին: Անիկա նաեւ հայագիտական առաջին հանդէսն է Կովկասի տարածքին։ Խմբագրած է միաբաններէն կազմուած յանձնախումբը՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նշանակած խմբագիրի ղեկավարութեամբ[1][2]։
«Արարատ» ամսագիրը մեծապէս նպաստած է գիտութեան այդ ճիւղի զարգացման: Հրատարակած է մատենագիտական բնագիրներ, վաւերագիրներ, միջնադարեան հայ տաղերգուներու երգեր:
Տպագրած է սեպագիր արձանագրութիւններու նկարներ եւ անոնց վերծանութիւնը: Ամսագիրին մէջ լուսաբանուած են մանկավարժական, երկրին մէջ դպրոցներու վիճակի մասին յօդուածներ:
2006-էն Մայր Աթոռը ««Արարատի» ժառանգութիւնը» խորագրով առանձին հատորներով շարունակաբար լոյս կ'ընծայէ հոգեւորականներու՝ հանդէսի էջերուն մէջ տեղ գտած գիտական, կրօնական հրապարակումները[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
- ↑ «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՐԱՐԱՏ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-13
- ↑ info@fractal.am Fractal Creative։ «Etchmiadzin Library»։ etchmiadzinlibrary.am։ արտագրուած է՝ 2022-02-09