Արամ Շաւարշ
Ա. Շաւարշ | |
---|---|
Ծնած է | 1917 |
Ծննդավայր | Կ.Պոլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | 1979 |
Մասնագիտութիւն | Գրագէտ, բանաստեղծ, խմբագիր |
Արամ Շաւարշ (1917, Սկիւտար (Պոլիս) -1979, Պերլին (Գերմանիա)), հայ բանաստեղծ։
Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ն. Երմոնեան վարժարանին մէջ, ապա Կեդրոնական լիսէն աւարտած է 1938-ին։ ետքը վկայուած Իսթանպուլի Համալսարանի իրաւաբանական Ֆաքիւլթէէն։
Դպրոցական գրասեղաններէն սկսած է հրատարակել «Թռիչք» խմորատիպ գրական ամսաթերթը, իր դասընկերոջ՝ Սարգիս Քէչեանիջ (Ս. Ք. Զանգու) հետ։: Ապա կեանքի ասպարէզ նետուելէ ետք դարձեալ միասին՝ հրատարակած են «Աշխատանք» պարբերաթերթը, 1939-ին (2 թիւ), աւելի վերջը «Նոր Օր» շաբաթաթերթը, Աւետիս Ալիքսանեան գլխաւորութեամբ. իսկ 1950-ին «Կռունկ» միաթերթ գրական ամսագիրը (2 թիւ):
Իր առաջին գրութիւնը եղած է տաղաչափուած բանաստեղծութիւն մը, որ լոյս տեսած է «Արեւելք»ի մէջ, 1935-ին. իակ առաջին ազատտողեան բանաստեղծութիւնը՝ 1938-ին, «Աշխատանք» Հանդեսին մէջ։
1944-էն յետոյ իր բանաստեղծութիւնները լոյս կը տեսնեն Աւետիս Ալիքսանեանի «Պատկեր» ամսաթերթին մէջ, եւ «Նոր Օր», «Այսօր» ու «Կռունկ» թերթերուն մէջ։ Գրած է նաեւ պատմուածքներ եւ Հրապարակագրութիւններ։
Իր քերթուածները ամփոփուած են Քաղաքի Ժխորին Մէջ անուն գրքոյկի մը մէջ (1949):
Գրեթէ բոլոր բանաստեղծութիւնները պայքարի եւ յաղթանակի երգեր են, յոյսով ու Հաւատքով տոչորուած։
Իր լոյս ընծայած քաղաքական յախուռն յօդուածները եւ քննադատութիւնները պատճառ կ'ըլլան իր բանտարկութեան։ Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, ատեն մը եւս կը շարունակէ իր հրատարակչական աշխատանքը, բայց ի վերջոյ կ'որոշէ հեռանալ ծննդավայրէն եւ սիրելիներէն։
Հրատարակուած Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Քաղաքին Ժխորի Մէջ (բանաստեղծութիւն), Պոլիս, 1949:
- Õzgurluk Iki Adim Õtede Degil (բանաստեղծութիւն, Ռուբէն Մաշոյեանի թուրքերէն թարգմանութեամբ - Պոլիս, 1999:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։
- Ժամանակակից Ւսթանպուլահայ Գրողներ (Ա. ՀԱՏՈՐ) Աշխատասիրեց՝ Կարօ Աբրահամեան, Անթիլիաս, 2004, էջ 75: