Jump to content

Արամ Նիկողոսեան

Արամ Նիկողոսեան
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 1937
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա

Արամ Նիկողոսեան (անհայտ - 1937, Պոլիս, Թուրքիա[1]), Յովհաննէս Հինդլեանէն ետք, Նիկողոսեան հայ կրթական մշակներէն երկրորդը։

Ուսուցիչ, տնօրէն եւ Արամեան վարժարանի հիմնադիր. Արամ Նիկողոսեան թափ տուած է դպրոցներու մէջ մարմնամարզի դասերուն։

Իբրեւ Կեդրոնական Ուսումնական Խորհուրդի անդամ, մարզանքի դասերը պաշտօնապէս ներառած է ազգային վարժարաններու դասացուցակներուն մէջ։

Զինադադարին, իբրեւ Շիշլիի Գարակէօզեան որբանոցի տնօրէն, Նիկողոսեան լայնօրէն թոյլատրած է սկաուտական խումբերու կազմութիւնը։

Եղած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Մարզական հարցերու մասին գրած է բազմաթիւ յօդուածներ։

Մեռած է 1937-ին, Պոլիս։

  • Հ․Մ․Ը․Մ-ի կրթական մշակներ Առաջին բաժին էջ 4։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]