Արամ Համբարեան

Արամ Համբարեան
Ծնած է 1966
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Արամ Սուրէն Համբարեան (անգլ.՝ Aram Suren Hamparian, ծնած 18 Ապրիլ, 1966) Ամերիկահայ քաղաքական գործօն մըն է, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (անգլ.՝ Armenian National Committee of America կամ ANCA) տնօրէն/գործադիր վարիչ:[1]

Համբարեանը, իբր տնօրէն, հաղորդակցութեան կէտն է Յանձնախումբին եւ ԱՄՆի կառավարութեան, Քոնկրէսի եւ մամուլի միչեւ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի եւ արտաքին գործերու:[2]

Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆի մասնաճիւղերուն հետ միասին, Յանձնախումբը ունի 60է աւելի մասնաճիւղներ, տասնեակ դաշնակից կազմակերպութիւններ, հարիւրաւոր համայնքային կապեր, եւ հազարաւոր անդամներ: Համբարեան կ'աշխատի շատ մը ոլոտներու մէջ, ինչպէս օրէնսդրական, քաղաքական, հետազոտական, մամուլի, համագործակցութիւններու, ինչպէս նաեւ համայնքային գետնի վրայ ծրագիրներու: Համբարեան Քոնկրէսի բեմէն խօսած է, դասախօսած է Ազգային Պատպանութեան Համալսարանէն (անգլ.՝ National Defense University) ներս, ինչպէս նաեւ Արտաքին Ծառայութեան Հիմնարկէն (անգլ.՝ Foreign Service Institute) եւ USAID-էն ներս: Ան յուշուած է շատ մը մամլոյ յօդուածներ մէջ, տարբեր հարթակներու վրայ, ներառեալ՝ The New York Times, The Wall Street Journal, The Washington Post, Associated Press, Reuters, եւ խօսած է CNN կայանէն:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Board & Staff»։ Armenian National Committee of America (en-US)։ արտագրուած է՝ 2021-03-14 
  2. «Aram Hamparian, Author at The Armenian Weekly»։ The Armenian Weekly (en-US)։ արտագրուած է՝ 2021-03-14 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]