Արաբական Գարուն
«Արաբական Գարուն» (արաբերէն՝ الربيع العربي) ինչպէս նաեւ՝ «արաբական գարուն եւ ձմեռ», «արաբական զարթօնք», «համարաբական յեղափոխութիւն», «արաբական ապստամբութիւններ», ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու յեղափոխական ալիք Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, որ սկսած էր արաբական երկիրներուն մէջ 18 Դեկտեմբեր2010-ին։ Ան սկսաւ Թունիսի[1], Եգիպտոսի[2] եւ Եմէնի մէջ[3] տեղի ունեցած յեղափոխութիւններէն եւ շարունակուեցաւ Լիպիոյ[4] ու Սուրիոյ մէջ[5]՝ քաղաքացիական պատերազմի տեսքով։ Վերջինս կը շարունակուի մինչ այժմ, իսկ Լիպիոյ մէջ աւարտեցաւ 2012 թուականին՝ իշխանափոխութեամբ։
Անոր յաջորդեցին քաղաքացիական ապստամբութիւնը Պահրէյնի մէջ, զանգուածային բողոքի ցոյցերը Ալճերիոյ[6]։ Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Իրաքի[7], Յորդանանի[8], Մարոքի[9] եւ Օմանի մէջ[10]։ Ինչ կը վերաբերի Քուէյթի, Լիբանանի, Մորիթանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Սուտանի եւ Արեւմտեան Սահարայի մէջ տեղի ունեցած սակաւաթիւ հանրահաւաքներուն, ապա անոնք էական նշանակութիւն չեն ունեցած եւ ոչինչով չեն աւարտած։
Բողոքի ցոյցերու ընթացքին կ'օգտագործուէին քաղաքացիական դիմադրութեան քարոզչութեան բոլոր մեթոտները՝ գործադուլներ, ցոյցեր, երթեր եւ հանրահաւաքներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու համար հասարակական լրատուամիջոցներու օգտագործումը, տեղեկատուութեան փորձերու նկատմամբ պետական հալածանքները եւ համացանցային գրաքննութիւնը։
Շատ ցոյցեր կը հանդիպէին իշխանութեան բռնի արձագանքին։ «Ժողովուրդը կ'ուզէ իշխանութեան անկումը» արաբերէն՝ الشعب يريد إسقاط النظام՝ այս կարգախոսը ցուցարարներու հիմնական կարգախոսն դարձած էր արաբական աշխարհի մէջ։
Ան սկսաւ Թունիսի մէջ 18 Դեկտեմբեր2011-ի իրադարձութեամբ, երբ Մուհամմատ Պուազիզի անունով երիտասարդ մը ինքնահրկիզուեցաւ՝ ի նշան բողոքի ոստիկանական կաշառակերութեան եւ դաժան վերաբերմունքի դէմ։ Թունիսի ցոյցերու յաջողութեամբ, անկարգութիւններու ալիքը տարածուեցաւ Ալճերիոյ, Յորդանանի, Եմենի եւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ այլ երկիրներու մէջ։ Ամէնազանգուածային եւ կազմակերպուած ցոյցերը տեղի կ'ունենային «Զայրոյթի օրը»՝ որպէս կանոն Ուրբաթ օրը՝ կէսօրուայ աղօթքէն ետք։ Ցոյցերը առաջացուցին նմանատիպ անկարգութիւններ տարածաշրջանէն դուրս։
2012 թուականի Մայիս ամսուան դրութեամբ յեղափոխութիւնները 4 երկիրներու ղեկավարներու տապալման հասցուցին։ Թունիսի նախագահ Զէյն ալ-Ապիտին պըն Ալին 14 Յունուար2011-ին յեղափոխութենէն ետք փախաւ Սէուտական Արաբիա։ Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքը 11 Փետրուար2011-ին՝ 18-օրեայ զանգուածային բողոք-ցոյցերէն ետք հրաժարական տուաւ՝ աւարտելով իր 30-ամեայ նախագահութիւնը։ Եմենի նախագահ Ալի Ապտալլահ Սալեհը 27 Փետրուար2012-ին հեռացաւ իշխանութենէն՝ ձգելով զայն նոր նախագահին, որ պէտք է ընտրուէր վաղաժամկէտ ընտրութիւններու արդիւնքով։ Նախկին լիպիական առաջնորդ Մուամմար Քատտաֆին գահընկէց եղաւ 23 Օգոստոս 2011-ին, երբ Ազգային Անցումային խորհուրդը իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուց Պապ Ալ-Ազիզը։ Ան սպաննուեցաւ 20 Օգոստոս 2011-ին իր հայրենի Սիրթ քաղաքին մէջ, երբ Ազգային Անցումային խորհուրդը քաղաքը վերցուց իր հսկողութեան տակ։
Տարածաշրջանին մէջ այդ անկարգութիւններու արդիւնքով որոշ առաջնորդներ յայտարարեցին հրաժարական տալու մտադրութեան մասին՝ իրենց կառավարման ժամկէտն աւարտելէն ետք։
Ստուգաբանութիւն[11]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Արաբական Գարուն» անուանումը վիճարկելի է որոշ գիտնականներու եւ դիտորդներու կողմէ, որոնք կը պնդեն, թէ եզրոյթը խնդրայարոյց է քանի մը պատճառներով։ Առաջին՝ անիկա հնարուած է արեւմտեան մեկնաբաններու կողմէ, եւ ոչ թէ դէպքերուն մասնակիցներուն կողմէ։ «Արաբական Գարուն» եզրոյթի առաջին յատուկ գործածութիւնը՝ այս իրադարձութիւնները բնորոշելու համար, թերեւս սկսած է ամերիկեան «Foreign Policy» քաղաքական պարբերաթերթին մէջ։ Քաղաքագէտ Մարք Լինչ «Արաբական Գարուն»-ը նկարագրած է որպէս «եզրոյթ մը, զոր թերեւս անկանխամտածուած կերպով հնարած եմ 6 Յունուար 2011-ի յօդուածի մը մէջ»՝ գրուած նոյնինքն «Foreign Policy» ամսագրին համար։ Սակայն իրադարձութիւններուն մասնակից բողոքարարները իրենց քաղաքական գործողութիւնները նկարագրած են որպէս «ապստամբութիւն» (intifada), արաբական «զարթօնք» (sahwa) եւ արաբական «վերածնունդ» (nahda)՝ գործածելով այնպիսի արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ al-marar al-Arabi (արաբական դառնութիւն), karama (արժանապատուութիւն) եւ thawra (յեղափոխութիւն)։
Որոշ հեղինակներ կը պնդեն, որ արեւմտեան կառավարութիւնները, գիտնականներն ու լրատուամիջոցները գործածած են այս եզրոյթը՝ նուազեցնելու համար մարդոց յեղափոխական նպատակներն ու հռետորաբանութիւնը։ «Al Jazeera»-ի եթերով Ճոզըֆ Մասատ ըսած է, որ այս անուանումը «մաս կը կազմէ ամերիկեան ռազմավարութեան մը՝ վերահսկելու շարժման նպատակներն ու ուղղութիւնը» եւ զայն առաջնորդելու դէպի արեւմտեան ոճի լիպերալ ժողովրդավարութիւն։ Երբ որոշ երկիրներու մէջ «Արաբական Գարուն»-ի բողոքի ցոյցերուն յաջորդեցին իսլամական կուսակցութիւններու ընտրական յաջողութիւնները, ամերիկեան որոշ վերլուծաբաններ հնարեցին «Իսլամական Գարուն» եւ «Իսլամական Ձմեռ» եզրոյթները։
«Գարուն» բառը աւելի եւս կը շեշտէ այն խնդրայարոյց երեւոյթը, երբ արեւմտեան ակնկալիքները կը փոխանցուին ոչ-արեւմտեան դերակատարներու եւ գործընթացներու վրայ։ Այս բառապաշարը կը հետեւի արեւմտեան օրինակներուն, ինչպէս՝ 1848-ի յեղափոխութիւնները, որոնք կոչուեցան «Ազգերու Գարուն», եւ 1968-ի «Պրակայի Գարուն»-ը, որուն ընթացքին չեխ ուսանող Եան Փալախը ինքզինք այրեց, ճիշդ ինչպէս ըրաւ Մոհամետ Պուազիզին։ Իրաքի պատերազմէն ետք, այս եզրոյթը գործածուեցաւ զանազան մեկնաբաններու եւ բլոկըրներու կողմէ, որոնք կը կանխատեսէին արաբական մեծ շարժում մը դէպի ժողովրդավարացում։ Հետեւաբար, «Արաբական Գարուն» եզրոյթը վիճարկելի է, քանի որ անիկա կ'ենթադրէ ակնկալիք մը, թէ այս իրադարձութիւնները պիտի կրկնեն Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած ժողովրդավարական յեղափոխութիւններու օրինակը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ալ-Ժազիրա. Թունիսի նախագահ Պըն Ալին դարձած է միանձնեայ իշխան
- ↑ Եգիպտական յեղափոխութիւնը ցոյց կու տայ, թե ինչ է հնարավոր արաբական աշխարհում
- ↑ Հազարաոր եմենցիներ դէմ են իշխանութիւններուն
- ↑ Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմը ցնցեց Քատտաֆիի հիմքերը
- ↑ Սիրիայում շարունակվում է քաղաքացիական պատերազմը
- ↑ Հազարավոր ալճերիացիներ ելած են փողոց
- ↑ Պաղտատի մէջ ցոյցի ընթացքին սպաննուած են 13 քաղաքացիներ
- ↑ Հազարաւոր մարդիկ ելած են բողոքի
- ↑ Մարոքի թագաւորը արձակուրդի էր, երբ սկսան ցույցերը
- ↑ Մէկ զոհ եւ 12 վիրաւոր Օմանի ցոյցերուն մէջ
- ↑ (անգլերեն) Arab Spring, 2026-02-04, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Arab_Spring&oldid=1336622385, վերցված է 2026-02-16