Ատուր Գապագեան

Ատուր Գապագեան
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 22 Ապրիլ 1972(1972-04-22)

Ատուր Գապագեան, (1895, Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 22 Ապրիլ 1972(1972-04-22)), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին գլխաւոր հիմնադիրը։ Ծնած է 1895-ին, Այնթապ։ Ծնած օրն իսկ մահացած է իր մայրը։ Նախնական ուսումը ստացած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ Վանքին մէջ, որմէ ետք յաճախած է իր ծննդավայրին Այնթապ Քոլէճը։

1915-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակ գաղթած է Համայի շրջան։ 1918-ին, Ցեղասպանութենէն փրկուած՝ կը վերադառնայ Այնթապ։ Տարի մը ետք, ուսումնատենչ երիտասարդը կը մեկնի Պէյրութ՝ հետեւելու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի ատամնաբուժական ճիւղին։

1924-ին, վկայուելէ ետք, Ատուր Գապագեան կը վերադառնայ Հալէպ եւ մինչեւ Պէյրութ տեղափոխութիւնը կը հանդիսանայ Սուրիոյ ազգային կեանքի ամէնէն տիրական դէմքերէն մէկը։ Այսպէս, 1925-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի նորակազմ մասնաճիւղը իրեն կը դիմէ՝ Հալէպի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ մը հիմնելու համար։ Դիմումին ընդառաջելով, Ատուր Գապագեան իր տան մէջ խորհրդակցութեան մը կը հրաւիրէ մինչ այդ Հալէպի մէջ գործող մարզական միութիւններն ու խումբերը (Համազասպ, Ուսումնասիրաց, Կայծակ, Տալւորիկ եւ Արարատ)։ Կը ներկայանան առաջին չորս միութիւններու ներկայացուցիչները եւ կ'որոշեն հանդիպիլ երկրորդ անգամ։ Երկրորդ հանդիպումին, 1 Նոյեմբեր 1925-ին, կը ներկայանան Համազասպ, Կայծակ եւ Տալւորիկ միութիւններու ներկայացուցիչները միայն եւ տեղւոյն վրայ իրենք զիրենք լուծուած յայտարարելով առժամեայ մարմինի մը կը վստահին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան պարտականութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղին իմնադրութիւնը կը կատարուի 17 Նոյեմբեր 1925-ին եւ վերոյիշեալ երեք միութիւններու 48 անդամները կ'արձանագրուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի անդամ։ Անոնք կ'ընտրեն իրենց անդրանիկ վարչութիւնը՝ ատենապետութեամբ եղբ. Լուտեր Մասպանաճեանի։

1948-ին, Ատուր Գապագեան կը հաստատուի Պէյրութ, Լիբանան։ 29 տարեկանէն սկսեալ եւ մինչեւ 1960-ական տարիներ, ան մաս կը կազմէ ՀՅԴ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէներուն։ Կը մասնակցի ՀՅԴ 15-րդ, 16-րդ, 18-րդ եւ 19-րդ Ընդհանուր Ժողովներուն։ 1963-ին կ'ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ մինչեւ մահը կը մնայ պատասխանատու դիրքի վրայ։

Ազգային-կուսակցական երեք քառորդ դարու վաստակով բեռնաւորուած՝ ան կը մահանայ 22 Ապրիլ 1972-ին եւ կը թաղուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Homenetmen100, «Մարզիկ» ամսաթերթ
  2. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Խնկարկելի Հերոսներ»