Jump to content

Ատլանտիտ

Ատլանտիտ (հին յուն․՝ Ἀτλαντὶς), յայտնի ըստ աւանդութեան կղզի-պետութիւն։ Առաւել մանրամասն նկարագրուած Բլաթոնի երկխօսութեան մէջ, ինչպես նաւ յայտնի Հերոդոտոսի, Դիոդորոս Սիցիլիացիի, Ստրաբոնի յիշատակումներուն եւ ակնարկներուն մէջ։

Ատլանտիտի գտնուելու վայրի մասին նախնիներու ցուցմունքները յայտնի չեն։ Ըստ Բլաթոնի, կղզին կը գտնուի Հերկուլեսեան սիւներուն արեւմուտքը, Ատլանտա սարի առջեւէն։ Սաստիկ երկրաշարժի ժամանակ, որ կ'ուղեկցուէր ջրհեղեղով, կղզին իր ողջ բնակչութեամբ մէկ օրուան մէջ մնաց ջուրի տակ։ Բլաթոնը կը նշէ մ.թ.ա. 9500 թուականը որպէս աղետի ժամանակաշրջան։

Ատլանտիտի մասին պատմուածքներուն հետաքրքրութիւնը արտայայտուեցաւ Վերածնունդի դարաշրջանին։ Արդի գիտութեան մէջ Ատլանտիտի գոյութեան մասին հարցերը վիճելի են։ Գոյութիւն ունի 1950-ականներու վերջին մշակուած յատուկ ուսմունք՝ Ատլանտալոգիա։

Ատլանտան հարուստ է իր մշակոյթով։

Առասպելի Պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բլաթոնի Երկխօսութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատլանտիտի մասին բոլոր տեղեկութիւնները կը պարունակեն Բլաթոնի երկու երկխօսութիւնները «Թիմեյ» (համառօտ) եւ «Կրիտիյ» (մանրամասն). «Թիմեյ»-ի երկխօսութիւնը կը սկսի Սոգրաթի եւ պիւդակորական Թիմեյի դատողութիւններով լաւագոյն պետական կառոյցի մասին։ Համառօտ նկարագրելով կատարեալ պետութիւնը, Սոգրաթ կը բողոքէ ստացուած նկարին վերացական եւ սխեմատիկ ըլլալը եւ ցանկութիւն կը յայտնէ «լսել նկարագրութիւն մը, որ ինչպէս կը պահէ ինքզինք այդ պետութիւնը այլ երկիրներուն դէմ կը պայքարի, ինչպէս արժանավայել ձեւով պատերազմի մէջ կը մտնէ, պատերազմի ընթացքին անոր քաղաքացիները՝ ըստ իրենց ուսման եւ դաստիարակութեան, ինչպէս կը կատարեն իրենց պարտքը՝ ըլլա՛յ այդ ռազմի դաշտը կամ իւրաքանչիւր այլ պետութիւններու հետ բանակցութիւններու»: Ընդառաջելով այդ ցանկութեան, երկխօսութեան երրորդ կողմը, Աթենի քաղաքական գործիչ, Կրիտիյը կը ներկայացնէ իբրեւ իր պապի՝ աւագ Կրիտիյի պատմած Աթենի եւ Ատլանտիտի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի պատմութիւնը, որ իր հերթին այդ մասին իմացած է Սոլոնի զրոյցներուն։ Վերջինս իմացած է անոր մասին Եգիպտական քուրմերէն։ Պատմութեան իմաստը հետեւեալն է. ժամանակին, 9000 տարի առաջ (Կրիտիյի եւ Սոլոնի ապրած ժամանակներէն առաջ, այսինքն, մ.թ.ա. VI-V դդ.), Աթենը շատ փառահեղ, հզօր եւ առաքինի պետութիւն էր: Անոր հիմնական մրցակիցը նշուած Ատլանտիտն էր. «Այդ կղզին իր չափերով աւելի մէծ է, քան Լիպիան եւ Ասիան միասին»: Անոր վրայ առաջացած է «իր մեծութեամբ՝ զարմանահրաշ եւ զօրութեամբ՝ արքայութիւն», որ իրեն ենթարկած էր ամբողջ Լիպիան՝ մինչեւ Եգիպտոս եւ Եւրոպան մինչեւ Տիրրենիյա (արեւմտեան Իտալիա): Այդ թագաւորութեան ամբողջ ուժերը նետուած են Աթենը ստրկացնելու համար։ Աթենացիները, հելեններու գլխաւորութեամբ ոտքի կը կանգնին, իրենց ազատութիւնը պաշտպանելու համար եւ հակառակ բոլոր դաշնակիցներուն դաւաճանութեան, իրենց քաջութեան եւ առաքինութեան շնորհիւ յետ մղած են ներխուժումը, ջախջախած ատլանտները եւ ազատագրուած վերջիններուն կողմէ ստրկացուած ժողովուրդներէն։ Սակայն ետքը, տեղի ունեցած է ահռելի բնական աղէտ, որուն արդիւնքով մէկ օրուայ ընթացքին աթենացիներու ողջ բանակը ոչնչացած է, իսկ Ատլանտիտը խորասուզուած՝ ծովուն յատակը։ "Կրիտիյ" երկխօսութեան, նոյն մասնակիցներուն հետ, ուղղակի «Թիմեյի» շարունակութիւնն է եւ ամբողջութեամբ նուիրուած է հին Աթենի եւ Ատլանտիտի մասին Կրիտիյի պատմութեան։ Աթենն այն ժամանակ (մինչեւ երկրաշարժն ու ջրհեղեղը) մեծ եւ աներեւակայելի բերրի երկրի կեդրոնն էր։ Ան բնակեցուած էր առաքինի ժողովուրդով, որ ստեղծած էր կատարեալ (Բլաթոնի կարծիքով) պետական կառուցուածք։ Մասնաւորապէս, ամէն ինչ կը կառավարէին իշխանաւորներն ու ռազմիկները, որոնք կ'ապրէին գլխաւորաբար հողագործ-արհեստագործական զանգուածէն առանձին՝ Ագրոբոլի մէջ, կոմունիստական համայնքով։ Համեստ եւ առաքինի Աթենին կը հակադրուէր գոռոզ եւ հզօր Ատլանտիտը։ Ըստ Բլաթոնի, Ատլանտներու ցեղը ծագած էր Բոսեյիտոն աստուծոյ եւ մահկանացու Գլեյթօ աղջկան ամուսնութենէն։ Ան լոյս աշխարհ բերած էր տասը աստուածային որդիներ, որոնց աւագը Ատլանտն էր։ Անոնց միջեւ ալ ան բաժնած էր կղզին եւ, անոնք դարձած էին անոր թագաւորական տոհմի նախահայրերը։ Կղզիին կեդրոնական հարթավայրը կը տարածուէր 3 հազար բեմահարթակ երկարութեամբ (540 քմ) եւ 2000 բեմահարթակի (360 քմ) լայնքով։ Կղզիին կեդրոնը բլուր մըն է, ուր ծովը կը գտնուէր 50 բեմահարթակ (8-9 քմ) հեռաւորութեան վրայ։ Այդ պաշտպանելու համար Բոսեյիտոնը անցուցած էր երեք ջուրի եւ երկու հողէ օղակները, իսկ Ատլանտները այդ օղակներուն հետ կամուրջներ կապած էին եւ կառուցած էին ջրանցքներ, որպէսզի նաւերը կարենան անցնիլ անոնց միջոցով ընդհուպ մինչեւ քաղաք, իսկ, աւելի ճիշտ մինչեւ կեդրոնական կղզի, որ ունէր 5 բեմահարթակ (մէկ քիլոմեթրէն քիչ մը պակաս) տրամագիծով։

Ընդհանրապէս Բլաթոնը մեծ տեղ տուած է կղզիին չլսուած հարստութեան եւ բերքատուութեան մասին նկարագրութիւններուն, անոր խիտ բնակեցուած, հարուստ բնական աշխարհի մասին (ըստ հեղինակին՝ այնտեղ նոյնիսկ փիղեր կ'ապրէին)։

Մինչ Ատլանտիտի մէջ պահպանուած էր հրաշալի բնութիւն, անոնք մոռացութեան մատնած էին հարստութիւնները՝ մեծարելով ստեղծողը։ Երբ զարմանահրաշ բնութիւնը վերափոխուեցաւ վատի եւ խառնուեցաւ մարդկութեան, ոչնչացուեցան անոր հարստութիւնները։ Մարդիկ դարձան գոռոզ եւ ագահ։ Բարկացած այդ տեսարանէն, Զիւսը որոշեց ոչնչացնել Ատլանտացիները եւ աստուածները հրաւիրեց ժողովի։ Այսպիսով այլաբանութիւնը, յամենայն դէպս մեզ հասած պատմութիւնը, կ'ընդհատուի։

Վարկածներ՝ գոյութեան մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատլանտիտը յօրինուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմաբաններու եւ յատկապէս բանասէրներու ամէնատարածուած կարծիքը՝ Ատլանտիտի պատմութիւնը թիփիկ փիլիսոփայական առասպել է, որուն նմուշներ կը հանդիսանան Բլաթոնի այլաբանութիւնները։ Իսկապէս, Բլաթոնը ի տարբերութիւն Արիստոտէլի եւ պատմաբաներու, երբեք նպատակ չէ ունեցած ընթերցողին յայտնել որեւէ իրական փաստ, այլ միայն միտքեր, որոնք պատկերուած են փիլիսոփայական առասպելներով։ Այն չափով, որով մենք կը ստուգենք պատմութիւնը, անիկա կը հերքուի մատչելի հնէաբանական նիւթերով։ Իսկապէս, որեւէ զարգացած քաղաքակրթութեան ոչ մէկ հետք չկայ Յունաստանի կամ Եւրոպայի եւ Ափրիկէի արեւմուտքի, ո՛չ սառոյցի եւ յետսառոյցի, ոչ ալ անոր յաջորդող դարաշրջաններուն։ Անոր հետ մէկտեղ, տեսանելի է, որ Ատլանտիտի պատմականութեան կողմնակիցները ուշադրութիւն չեն դարձներ այլաբանութիւններուն ստուգելի մասին (ներառեալ Աթենան քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն դերը), այլ իրենց հետազօտութիւնները կը կեդրոնացնեն բացառապէս «չստուգուող» Ատլանտիտի վրայ։ Յետագային փաստերու աղբիւր կը հանդիսանան եգիպտական քուրմերը, մինչդեռ բազմաթիւ հին եգիպտական պատմութիւնները, առաւել եւս պապիռոսի վրայ, չէ գրուած ոչինչ, որ կը յիշեցնէ Բլաթոնի պատմուածքը։

Ատլանտիտը Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հերակլեսի սիւները հին ատեն միշտ անուանած են Ճիպրալթարի նեղուց (ոչ յաճախ նաեւ՝ Ճիպլարթարի եւ Սէուտայի ժայռեր)։ Այդպիսով, Պղատոնը Ատլանտիտը կը տեղադրէ Ճիպլարթարի նեղուցի մօտ, Սպանիայի եւ Մարոքի մօտ։ Ըստ յոյներու՝ Մարոքի մէջ կ'ապրէր հսկայ Անտլանտը, որու անունէն ալ առաջացած է ովկիանոսի անուանումը, նաեւ առաջացած է երկրի անունը (Պղատոնի պատմութեան մէջ Անտլանտը երկրի առաջին արքան էր)։ Ուսումնասիրողներու մեծ մասը կը կարծէ, որ, ըստ Պղատոնի, այդ երկիրը գտնուած է միայն Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ եւ ուրիշ ոչ մէկ տեղ։ Գլխաւորաբար, անոնք կը նշէին, որ միայն Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ կրնար տեղաւորուիլ Պղատոնի նկարագրած չափերով երկիրը (530x350 կմ), եւ քանի մը հարեւան կղզիներ։ Այդ վարկածի վառ ապոլագետներէն էր Նիքոլայ Ժիրովը։ Ըստ անոր՝ Ատլանտիտը կը գտնուէր Ազորեան կղզիներու տարածքին մէջ։

Շատ ուսումնասիրողներ Ատլանտիտը փնտռած են Պալեարեան եւ Քանարեան կղզիներու տարածքին մէջ։ Վյաչեսլավ Կուդրյացեւը «Աշխարհի շուրջ» ամսագրին մէջ առաջարկած է հիմնուիլ Պղատոնի թեքսթերուն եւ վերջին սառցային մաքսիմումի տուեալներուն վրայ (աւարտած է 10.000 տարի առաջ, ինչ որ կը համապատասխանէ Պղատոնի ներկայացուցած տուեալներուն), ըստ որուն՝ Ատլանտիտը գտնուած է ներկայիս Բրիտանական կղզիներու, Իռլանտայի եւ հիւսիսարեւմտեան Ֆրանսայի տարածքին մէջ, իսկ խորտակուելու պատճառը սառոյցներու հալումն ու ջուրի մակարդակի բարձրացումն էր։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Ատլանտիդա, 2025-06-10, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%BF%D5%AC%D5%A1%D5%B6%D5%BF%D5%AB%D5%A4%D5%A1&oldid=10350554, վերցված է 2025-06-10