Jump to content

Աստուածատուր Ա. Քհնյ. Գասապեան

Յակոբ Գասապեան
Ծնած է 1898-ին։
Ծննդավայր Ուրֆա
Մահացած է 1987-ին, 89 տարեկան հասակին
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ամուսին օրիօրդ Արշալոյս Պալեոզեան
Ծնողներ Հաննէս եւ Եղիսաբէթ Գասապեան
Երեխաներ Քնար, Յովհաննէս եւ Հերմին

Տ․ Աստուածատուր Ա․ Քահանայ Գասապեան (1898 - 1987), աւազանի անունով՝ Յակոբ, որդի Հաննէսի եւ Եղիսաբէթի, ծնած է ուրֆացի ծնողքէ, Ուրֆա, 1898-ին։

Ան մեծցած է կրօնական մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ դաստիարակուած է իր մօրեղբօր՝ Տ․ Գարեգին քահանայ Ոսկերչեանի հսկողութեան տակ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանին մէջ։

1915-ի Մեծ Եղեռնին, երբ ուրֆացի ազգայիններուն հետ ձերբակալուած են վարժարանին տնօրէնն ու կարգ մը ուսուցիչներ, փակուած է դպրոցը։ Այս պատճառով իր ուսումը ընդհատուած է ու զրկուած վկայական ստանալու բախտաւորութենէն։

Ուրֆայի ապստամբութենէն ետք, ան իր կեանքը ազատելու համար թափառած է անապատներուն մէջ եւ յաջողած ապաստանին վաճառականի մը քով ու իբրեւ սպասաւոր ապրիլ որոշ ժամանակաշրջան մը։

Իսկ 1920-ին, ան որոշած է իրեն հասակակից քանի մը ընկերներով արաբական տարազ հագնիլ ու հեռանալ այդ շրջանէն։ Բաւական դժուարութիւններէ ետք հասած է Հալէպ, որ այդ օրերուն փրկութեան լաստ մը եղած է տարագիր հայութեան։ Վերջնականապէս այստեղ հաստատուելէ ետք, իբրեւ ազատ ուսանող տարի մը յաճախած է դպրոց, բայց նիւթական պայմանները ստիպած են զինք, որ հրաժարի ուսումէն եւ նետուի ազատ ասպարէզ։ Ան աշխատած է վաճառականի մը քով։ Շնորհիւ իր ճարպիկութեան ու առեւտրական ընդունակութեան, կարճ ժամանակամիջոցին իր խնայած գումարով ձեռնարկած է անձնական գործի եւ իբրեւ աշխատավայր ընտրած Հոմս քաղաքը։

Ան անմիջապէս տեղափոխուած է Հոմս եւ հոն բացած է փոքր վաճառատուն մը՝ հին հագուստեղէնի։ Շնորհիւ իր յարատեւ աշխատանքին, նիւթապէս աւելի ինքնաբաւ դարձած է։ Այնուհետեւ իր մէջ արթնցած են ազգային զգացումները եւ ան սկսած է հետաքրքրուիլ Հոմսի հայ գաղութի կեանքով եւ ժամանակ տրամադրած անոնց հարցերով զբաղելու։ Այդ օդերուն, քառասուն-յիսուն ընտանիք հաւաքելու, կազմակերպելու աշխատանքին մէջ, եւս որոշ դեր մը ունեցած է, տեղացի կարգ մը ազգայիններուն հետ համագործակցաբար։ Բոլորին համատեղ ճիգերուն շնորհիւ՝ կարելի կ'ըլլայ գաղութը օժտել դպրոցով, եկեղեցիներով ու քահանաներով։

Յակոբ իր կեանքի ընկերը ընտրած է օրիորդ Արշալոյս Պալեոզեանը, որուն հետ պսակուած է 5 Օգոստոս 1923-ին։ Ունեցած է երեք զաւակներ՝ Քնար, Յովհաննէս եւ Հերմին։

Իր ազգանուէր ծառայութեան համար ան փնտռուած է Հոմսի եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ, ուր վարած է ատենադպրութեան պաշտօնը։ Տարիներ ետք, նշանակուած է թաղականութեան ատենապետ։ Իր այս հանգամանքով ան օգտակար դարձած է տեղւոյն եկեղեցւոյ եւ հայ գաղութին։

1933-ին Հոմս այցելեով Բերիոյ Թեմի ազգայիններէն ուրֆացի Միհրան Հերարդեան, տեսակցած է իրեն հետ։ Յակոբ հետաքրքրուած է Հալէպի ուրֆացի իր հայրենակիցներուն կեանքով։ Հերարդեան բացատրած է, թէ հայրենակիցները իրենց հայրենակից քահանայ մը չունին։ Յակոբ այս մասին լրջօրէն մտածելէ ետք, քահանայ ըլլալու փափաքը յայտնած է իրեն։ Հարցը պաշտօնական հանգամանք ստացած է Միհրանի միջոցով։ Առաջարկը փոխանցուած է Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Սրբազանին։ Ապա իր քահանայական թեկնածութիւնը ներկայացուցած է Կրօնական Ժողովին։ Թեկնածութիւնը ընդունելէ ետք, ժողովը որոշած է, որ Տէր Սահակ քահանայ Պալեանի հսկողութեան տակ Յակոբ պատրաստուի քահանայութեան։ Այնուհետեւ ան հետեւած է քրիստոնէական, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ ղարականագիտութեան դասընթացքներու եւ միաժամանակ մասնակցած է առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութեանց։ Դասընթացքը տեւած է եօթ ամիս։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են 27 Նոյեմբեր 1934-ին, Ս. Քառասնից Մանականց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի, վերակոչուելով Տ. Աստուածատուր։

Քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, Սրբազան Հօր եւ Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան փափաքով Տ. Աստուածատուր հոգեւոր հովիւ նշանակուած է նոր Գիւղի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ուրֆայի ընտանիքներուն։ Իր գործակից քահանաները եղած են Տ. Նշանն ու Տ. Կորիւնը։

Ան շուտով ընտելացած է հալէպահայ գաղութի կեանքին ու պայմաններուն եւ իր հօտին ու հայրենակիցներուն հետ տեւաբար յարաբերութեան մեջ մտնելով շաղուուած է անոնց հետ։ Սկզբնական շրջանին, Տէր Հօր եւ հայրենակցական միութեան վարչութեան միջեւ կապերու ամրապնդման ու գործակցութեան համար օգտակար դարձած է Միհրան Հերարդեան, որ հոգածու հօր մը պէս ուղղութիւն տուած ու նպաստած է իր հայրենակցական միութեան բոլոր աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն նիւթապէս ու բարոյապէս։

Ան քահանայադործած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ 1934-1947, 13 տարիներ։ Ապա, տեղափոխուած է Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի:

Հակառակ Հալէպի մէջ տարիներ քահանայագործած ըլլալուն, ան չէ ուզած նոյն Թեմին մէջ արմատանալ, այլ փնտռած է աշախատանքի նոր յօրինողներ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօրմէն ապահովելէ ետք այլ թեմի մէջ նաեւ քահանայագործելու ազատ վիճակի նամակը, 1949-ին ընտանեօք փոխադրուած է Հարաւային Ամերիկա Պրազիլ, ուր հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Սան Փաուլոյի հայ գաղութին ու այնտեղ քահանայագործած՝ մինչեւ իր վախճանումը։

Ան հրաժեշտ կու տայ աշխարհին 1987-ին, 89 տարեկան հասակին։

Վերջին օծումն ու թաղման կարգը կր կատարուին Սան Փաուլոյի հայ եկեղեցւոյ մէջ ու մարմինը կ'ամփոփուի տեղւոյն հայոց գերեզմանատունը։ Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան համար, առ ի գնահատանք ստացած է Լանջախաչ կրելու արտօնութիւն Գարեգին Ա. Կաթողիկոսէն, 16 Ապրիլ 1947-ին, իսկ աւելի ուշ պարգեւատրուած է Ծաղկեայ սեւ փիլոնով եւ աւագութեան պատիւով ու տիտղոսով[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 201։