Աստուածածին Վանք (Երուսաղէմ)

Աստուածածին Վանք (Երուսաղէմ), Ս. Սիոնի դիմաց, Բեթղեհէմի ճամբուն վրայ, վանքս շինած է բարի անուն եւ ընտրեալ Գէորգ քհ., որուն եղբօրորդին Յովհաննէս ճգնաւոր «հանդերձ քեռբ (Տիկներես) իւրով կրօնաւոր կագաւ» կը ստանայ Երուսաղէմ ի Յովհաննէս աբեղայի ձեռամբ գրուած ճառընտիր մը: Ձեռագիրը կը նուիրուի Երուսաղէմայ Ս. Աստուածածին վանքին «ի վայելումն որգւոյ իւրեանց Գէորգայ սարկաւագի եւ այլ կրօնաւորաց եւ քահանայից»: Յիշեալ կը խնդրէ զհիմնադիր կամ զռինող եկեղեցւոյս զԳէորգ քհ. գնացեալն առ Քրիստոս եւ զգծողն եւ զկազմողն (Ճառընտիրս) Յովան 1215-ին: Ըստ այսմ՝ վանքս ԺԳ. դարու սկիզբը կառուցուած է: 1473-ին Աւետիս եպիսկոպոս վանքիս մէջ Ոեկեփորիկ մը կ’ընդօրինակէ, եւ կը յիշէ միաբաններէն Արիստակէս, Մելքիսեդ Յակոբ ճգնաւոր: 1768-ին Խաչատուր վրգ. վանքիս մէջ կ’ընդօրինակէ Պօղոս վրդ.ի ոտանաւորները (Յիշատակարանք):

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 234: