Աստուածածին Անապատ
Աստուածածին Անապատ, հին մենաստան Վայոց ձոր գաւառին մէջ, կը կոչուի նաեւ Մարիամ Աստուածածին՝ եկեղեցւոյն սպիտակագոյն քարերուն համար, իսկ այլազգիք կը կոչեն Կիւլ վանք, շուրջը խիտ առ խիտ բուսած վայ վարդենիներու համար:
Հիւսիսային կողմը պարսպապատ է, միւս կողմերը կան 30-ի չափ սենեակներ ոմանք կամարակապ: Եկեղեցին փոքր է, քառակուսի եւ բարձրագմբէթ. ունի չորս դեղնագոյն քարէ սիւներ, վայելուչ քանդակուած պատկերներ սեղանին վրայ, որոնք անվնաս մնացած են գմբէթի չորս անկիւնները եղող չորս աւետարանչաց քանդապատկերներուն հետ:
Վէմքարին վրայ քանդակուած կայ ծերունի քահանայի մը պատկերը, ձեռքերը վեր բարձրացուած: Արեւմտեան դրան ճակատը սպիտակ քարի վրայ քանդակուած է Տիրամայրը՝ Յիսուս գիրկը: Եկեղեցիս ունի նաեւ փոքր գաւիթ մը, որուն առաստաղը բոլորովին խոնարհած է, եւ գեղեցկաշէն զանգակատուն մը:
Արտաքին հիւսիսային որմոյն վրայ կայ քանդակապատկեր մը, որ կը ներկայացնէ լայն զգեստով մեծաշուք եւ գլուխը խոյր դրած մարդ մը՝ ձեռքը ուղիղ բռնած, կը կարծուի թէ Պռօշ իշխանն է, նոյն ձեւով զարդարուն զգեստներով պատանի մըն ալ կայ մօտը, որուն գլխուն վրայ գրուած է Ամեր Հասան որդի Պռաշայ:
Եկեղեցւոյ արեւելեան որմոյն վրայ ագուցուած են խաչքարինք. Հարաւայնոյն վրայ կայ երկու խաչակիր ձեռաց քանդակ եւ 1334 թուականը, այդ քանդակները տեղերնէն ինկած լինելով՝ դրուած են եկեղեցւոյ մէջ։ Վանացս եկեղեցւոյ դուրսը եւ ներսը կան բաւական թիւով արձանագրութիւններ զանազան միաբանող եւ նուիրատու անձանց:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 233: