Jump to content

Առած եւ Ասացուածք

Առածներն ու ասացուածքները ժողովուրդի մը բանաւոր ստեղծագործութեան շատ հին եւ ամէնէն տարածուած տեսակներն են: Իւրաքանչիւր ժողովուրդի խօսակցական լեզուին մէջ դարելու ընթացքին ստեղծուած ու գործածուած են տասնեակ հազարաւոր առածներ ու ասացուածքներ, որոնցմէ շատերը մուտք գործած են նաեւ գրաւոր խօսքի՝ գրականութեան մէջ: Անոնց միջոցով թէ՛ բանաւոր եւ թէ՛ գրաւոր խօսքի մէջ մարդիկ իրենց միտքը աւելի արտայայտիչ ու տպաւորիչ կը դարձնեն:

Ահաւասիկ քանի մը առածներ ու ասացուածքներ.

  • «Մեղքը լալով, պարտքը տալով»,
  • «Սեւն օճառն ի՞նչ ընէ, խենթը խրատն ի՞նչ ընէ»,
  • «Ջուրն ինկողը անձրեւէն չի վախնար»,
  • «Այսօրուան հաւկիթը վաղուան հաւէն լաւ է»:

Այս օրինակները ցոյց կու տան որ առածներն ու ասացուածքները որոշակի միտք պարունակող, պատկերաւոր, բայց շատ կարճ եւ իմաստալից արտայայտութիւններ են:

Առածին ու ասացուածքին միջեւ կայ ե՛ւ նմանութիւն, ե՛ւ տարբերութիւն:

Իրենց բովանդակութեամբ ու կառուցուածքով անոնք նման են, որովհետեւ երկուքն ալ մեծ մասամբ պատկերաւոր եւ շատ կարճ ու իմաստալից արտայայտութիւններ կամ դարձուածքներ են, բայց եւ տարբեր են, որովհետեւ առածին արտայայտչական ձեւը այլաբանական է: Առածը այս կամ այն միտքը կ'արտայայտէ անուղղակի կերպով, որեւէ այլաբանութեան միջոցով: Այսպէս օրինակ, երբ կ'ըսենք. «Յօնքը շտկելու տեղ, աչքը կը հանէ», ըսել կ'ուզենք որ ան օգուտ տալու փոխարէն վնաս կու տայ. կամ երբ կ'ըսենք.«Մէկ եզով արօր չ'ըլլար», ըսել կ'ուզենք որ մէկ մարդով գործը առաջ չ'երթար: Կարելի է յիշել նաեւ․

  • «Մինչեւ Շուշանը զարդարուի, ժամը կ'արձակուի»,
  • «Գայլէն վախցողը ոչխար չի պահեր»,
  • «Թռչուն կայ, որ միս կ'ուտէ, թռչուն ալ կայ, որուն միսը կ'ուտեն»,
  • «Խօսք ըսածդ կլոր է, խորհէ՛, վերջը գլորէ» եւ այլն[1]։

Իսկ ասացուածքին արտայայտչական ձեւը այլաբանական չէ, ան որեւէ միտք կ'արտայայտէ ուղղակի ձեւով, առանց այլաբանութեան: Օրինակ, երբ կ'ըսենք «Ամէն բանի սկիզբն է դժուար», կամ՝ «Լաւ սկիզբը յաղթանակին կէսն է», ապա այս արտայայտութիւններով ուղղակիօրէն կը հասկնանք այն, ինչ պարզորոշ կերպով կ'ըսուի:

Թէ՛ առածները եւ թէ՛ ասացուածքները մեծ մասամբ խրատական, դաստիարակչական իմաստ եւ նշանակութիւն ունին: Այսպէս օրինակ, իր մայրենի լեզուէն զատ ուրիշ լեզուներ սորվելու կարեւորութիւնը բացատրելու համար կ'ըսենք. «Քանի լեզու գիտես, այնքան մարդ ես». կամ անուս ու տգէտ մնալու վնասը ցոյց տալու համար կ'ըսենք. «Ով ոչինչ գիտէ, ամէն սուտ բանի կը հաւատայ»:

Յաճախ գործածուող առածներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Փորձուած սատանան չփորձուած հրեշտակէն լաւ է»:
  • «Թռչուն կայ, որ միս կ'ուտէ, թռչուն ալ կայ, որուն միսը կ'ուտեն»:
  • «Մէկու մը 40 օր խենթ ըսես` խենթ կ'ըլլայ»:
  • «Որբին հաց տուող չ'ըլլար, բայց խրատ տուող շա՜տ կ'ըլլայ»:
  • «Գայլէն վախցողը ոչխար չի պահեր»:
  • «Այծին կոտոշը դուրս չեկաւ` ըսին «ո՛ւլ է»:
  • «Խլուրդն ինչքան հող փորէ` ի՛ր գլխուն կը թափի»:
  • «Ոսկին մանր է, գինը ծանր է»:
  • «Անձրեւոտ օրը հաւերուն ջուր տուող շատ կ'ըլլայ»:
  • «Ուզողի մէկ երեսն է սեւ, չտուողին` երկու»:
  • «Կ'ապրի զրկուածը, չ'ապրիր  զրկողը»:
  • «Նորը գտիր, ետքէն հինը նետէ»:
  • «Վատ օրը կ'աղէկնայ, վատ մարդը չ'աղէկնար»:
  • «Մինչեւ Շուշանը զարդարուի, ժամը կ'արձակուի»:
  • «Օտարին աչքը մարդու լուս չի տար»:
  • «Աստուած ցաւ տայ, դարմանն ալ հետը կու տայ»:
  • «Խօսք ըսածդ կլոր է, խորհէ՛, վերջը գլորէ»:
  • «Աղէկ ըսէ, որ աղէկ լսես»:
  • «Թող չըսեն` էշ է, թող ըսեն` գէշ է»:
  • «Օրն առաւօտէն յայտնի կ'ըլլայ»:
  • «Բարկ քացախն իր տիկը կը պատռէ»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]