Ապրոյ Սահակ
Սահակ Ապրօ ծնած է 1823-ին եւ վախճանած է 1900, վարդապետ։
Սահակ Ապրօ՝ Ապրօ Չէլէպի ծանօթ գերդաստանէն սերած է։ Ծնած Զմիւռնիոյ մէջ 1823-ին Սեպտեմբեր 15-ին։ Երտասարդ հասակին Պոլիս երթալով՝ մտած է Մեծ Դուռ եւ աշխատած իբրեւ թարգմանութեանց դիւանի անդամ։ 1852 Փետրուար 28-ին՝պաշտոնակից Գրիգոր Մարկոսեանի հետ կը սկսի հրատարակել «Նոյեան Աղաւնի» շաբաթաերթը, մինչեւ 8 Օգոստոս 1853։
Արտագին Գործոց նախարարութեան մէջ կարեւոր պաշտօններ վարելէ ետք Ալի փաշայի գաւառապետι օրով կայսերական դիւանին Ա. Թարգման եւ յետոյ Արտաքին Գործոց փոխ-քարտուղար կ՚անուանուի։
1876-ին կը կարգուի Ֆիլիպէի արտակարգ յանձնաժողովի անդամ եւ ետքը նախագահ։ Այնուհետեւ քանի մը կարեւոր պաշտօններ վարելէ ետք կ՚ընտրուի պետական խորհուրդի Անդամ ուր եւ կը մնայ մինչեւ մահը՝ 1900։
Ազգային գործերուն մէջ ալ կարեւոր պաշտոններ վարած էր։ Թրքերէնի Թարգմանած է Մեծն Պետրոսի եւ Վօլթերի Գառոլոս ԺԲ․ի պատմութիւնները, Ժ. Պ. Սէլի Քաղաքական Տնտեսութիւնը, ՄաքիաՎէլլիի Իշխանը, ինչպէս նաեւ Ռիֆաթ փաշայի հետ հրատարակած է քաղաքական անձերու մասին ուսումնասիրոիթիւններ։
Աղբյուրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ հանրագիտակ, Հ Մկրտիչ Վրդ Պոտուրեան,էջ 209, 1938
- Զարդարեան Յիշատակարանք Գ Թէոդիկ՝ Ամենուն տարեցոյցը 1912 էջ 368։