Jump to content

Ան Սիւր Լես

Ան Սիւր Լես (ֆրGrottes de Han-sur-Lesse կամ ֆր.՝ Grottes de Han) — բնական ծագում ունեցող քարայր, Պելճիքայի զբօսաշրջային կարեւորագոյն վայրերէն մէկը[1][2], ուր տարեկան կ'այցելէ աւելի քան կէս միլիոն մարդ: Կը գտնուի Նամիւր նահանգին Ան սիւր Լես գիւղին մօտ։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարայրը առաջացած է կրաքարէ կազմութիւն ունեցող բլուրին ստորոտով հոսող Լաս գետին (Մաասի վտակներէն) ջուրերու ազդեցութեամբ կրաքարային ապարներու կարստային լուծման հետեւանքով: Գետը ուղիղ գիծով աւելի քան մէկ քիլոմեթր կը հոսի այդ կրաքարային բլուրին երկայնքով: Քարայրին ներսը ունի խոնաւութեան մշտապէս բարձր մակարդակ, տարուան բոլոր եղանակներուն կը պահպանուի նոյն՝ 13 աստիճան ջերմութիւնը: Այնտեղ մուտք գործել հնարաւոր է միայն հին, զբօսաշրջային, յատուկ ճոպանուղիով, որ իր ուղերթը կը սկսի գիւղին կեդրոնէն եւ կ'անցնի շուրջ երկու քիլոմեթր, մինչեւ որ կը հասնի քարանձաւի մուտքին: Պտոյտը, որ կը տեւէ մէկ-մէկուկէս ժամ, կը ներառէ նաեւ լուսաձայնային ներկայացում՝ ամենաընդարձակ սրահին մէջ, մակոյկներով զբօսանք՝ Լեսի վրայ եւ թնդանօթային համազարկ, որ կը ցուցադրէ քարայրին իւրօրինակ աքուսթիքը:

  • Stenuit, Robert with Jasinski, Marc (1966)։ Caves and the marvellous world beneath us։ Trans. Harry Pearman։ New York: A.S. Barnes and Company 
  • Scheffel, Richard L.; Wernet, Susan J., eds. (1980). Natural Wonders of the World. United States of America: Reader's Digest Association, Inc. p. 175. ISBN 0-89577-087-3.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. http://www.grotte-de-han.be/
  2. Caves and the marvellous world beneath us by Robert Stenuit with Marc Jasinski (A.S. Barnes and Company, 1966).

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]