Jump to content

Անտոն Աբակեան

Անտոն Աբակեան
Ծնած է 1857
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 30 Սեպտեմբեր 1902(1902-09-30)
Մասնագիտութիւն վիրաբուժ

Անտոն Աբակեան, բժիշկ․ ծնած Պոլիս 1857։

Նախնական ուսումը Մխիթարեանց Բերայի դպրոցը առնելէ ետք 1871-ին բժշկական վարժարանը կը մտնէ եւ 23 տարեկան հասակին (1880) բժիշկ-վիրաբոյժի վկայականը կը ստանայ: Ի սկզբան Ս. Յակոբ հիւանդանոցին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ օժանդակ՝ տօքԹ. Յովսէփ Նուրիճանի: Աղքատները միշտ ձրի դարմանած ըլլալուն «անարծաթ բժիշկ» անուանուած է: 1881-ին Իյնէկէօլ կ՝երթայ տեղւոյն Չիթլի Հանքային ջրոյն իբրեւ զտիչ, ուր 1902 Սեպտ. 30-ին կը վախճանի եղերական մահուամբ՝ այլազգիէ մը սպաննուելով, եւ կը թաղուի մօտակայ Պրուսայի կաթողիկէից Հայոց գերեզմանատան մէջ (Եղերեկան մահուան մասին եւ լուսանկարը տե՛ս, «Հանդէս Ամսօրեայ» 1903 էջ 368):

Հայ հանրագիտակ Գրող Հ. Մկրտիջ Վարդ. Պոտուրեան