Jump to content

Անթուն Պէյ Մսրի (Մսըրլեան)

Գերդաստան մը ծագումով հայեր, որոնք նպաստած են Լիբանանի վերելքին,

Անթուն Պէյ Մսրի
Մահացած է 1940

Շէյխ Իսլաս Գասպար.- Մեռած է 1940-ին։ Հանրածանօթ էր Պէյրութի մէջ որպէս օրէնսդիր եւ օրէնսգէտ։ Օրէնքի մասին յոյժ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը ունի արաբերէն լեզուով։ Եղած է Փաստաբանական Կաճառին պետ։

Մութրան Հաննա Մուրատ. - Մեծ հօր անունն է Արթին Նիկաղօ՝ ծագումով հայ։ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կաթոլիկներու դէմ յարուցած հալածանքին հետեւանքով, Հալէպի մէջ մարոնի կը դառնայ։ Արթին Նիկաղոս ինը զաւակ կ'ունենայ, որոնք ժամանակի ընթացքին զանազան ճիւղերու կը բաժնուին տարբեր անուններով։ Մուրատ անունը կրողը Լիբանան կը հաստատուի։ Արթին Նիկաղոսի թոռնիկը Մութրան Հաննա Մուրատն է՝ ծնեալ 1854-ին Լիբանանի մէջ։ 1892-ին Պաալպէքի Եպիսկոպոս կը նշանակուի իր մօրեղբօր՝ Պատրիարք Հաննա էլ Հաճի կողմէ, որ երեւելի անձնաւորութիւն մըն էր։ Մութրան Հաննա Մուրատ շինարար եկեղեցական մը եղած է։ Վանքեր եւ դպրոցներ կառուցած է։ Կենդանութեան, աւելի քան 10,000 օսմանեան ոսկի ծախսած է շինութիւններու համար։ Նոյն Արթին Նիկաղոսի գերդաստանէն սերած են Հալէպի երեք մարոնի եպիսկոպոսները՝ ճանչուած Պուլոս Հաքիմ (1885), Պուլոս Արթին (1829) եւ Արսէն Շիւքրիւ Արթին (1707): Այս վերջինը բացայայտօրէն կ՛ըսէր թէ հայ էր։

Անթուն Պէյ Մսրի (Մսըրլեան). - Պէյրութի մէջ այս անունով ճանչուած է. բնիկ պոլսեցի Մսըրլըօզլու Անտոն մեծահարուստ բարերար հայը։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 335։

20. Զանազան Դէմքեր