Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան

Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան
Ծնած է 1922
Ծննդավայր Օլուք գիւղ
Մահացած է 7 Հոկտեմբեր 1993
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Հաշուապահ
Ամուսին Մարի Տումանեան
Ծնողներ Սարգիս եւ Իսկուհի
Երեխաներ Ասպետ, Ռուբինա, Հերմինէ եւ Վազգէն

Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան, աւազանի անունով Միսաք, որդի Սարգիսի եւ Իսկուհիի, ծնած է մուսա լեռցի ծնողքէ, Եողուն Օլուք գիւղը, 1922-ին։

նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք զբաղած է հողամշակութեամբ։ Ազատ ժամերուն սորված է հաշուապահութիւն եւ ժամանակ մը ետք վարած է հաշուապահութեան պաշտօն։

1939-ին, երբ Սանճաք-Իսկէնտէրունը կը յանձնուի Թուրքիոյ, Մուսա լերան բնակիչներուն հետ՝ Միսաք կը գաղթէ Լիբանան ու կը հաստատուի Անճառ։ Տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար կ'անցնի Պէյրութ եւ բարեկամներու միջոցաւ յարմար աշխատանք մը գտնելով կը դառնայ պաշտօնեայ եւ ապա կը նշանակուի հաշուապահ։

Պէյրութ կեցութեան ընթացքին, ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Մարի Տումանեանը, որուն հետ կը պսակուի Պէյրութի մէջ, 1947-ին եւ կ'ունենայ 4 զաւակներ՝ Ասպետ, Ռուպինա, Հերմինէ եւ Վազգէն։

Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան հրաժեշտ կու տայ աշխարհին 7 Հոկտեմբեր 1993-ին, խոր սուգի մատնելով Լիբանանի Թեմի կրօնական դասը, ընտանիքը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու իր ծխական ժողովուրդը։

Հանգուցեալ Տէր Հօր թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ'ունենան Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արամ Արք. Քէշիշեանի, 9 Հոկտեմբեր 1993-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագի։ Ապա, մարմինը կ'ամփոփուի Պէյրութի Պուրճ-Համուտի Ազգ. Գերեզմանատունը, քահանայից յատուկ դամբարանին մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 224։