Անգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական Միութենէն

Անգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական Միութենէն, Պրէքզիթ-ը ($/ˈbrɛksɪt, ˈbrɛɡzɪt/; «Պրիթըն» (Britain) եւ «էքզիթ» (Exit) բառերուն կցումէն ստացուած) Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) Եւրոպական Միութենէն (ԵՄ) դուրս գալն էր:[1] Այս հեռացումը քաղաքական նպատակ մըն է, որու իրականանալը կը սպասուի շատ մը մարդոց, դիւանագէտներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ եւ կայ մինչ Անգլիոյ միացումէն Եւրոպական Միութեան 1973-ին: Եւրոպական Միութենէն հեռանալու իրաւունքը գոյութիւն ունի 2007-ի Եւրոպական Միութեան դաշնագրէն ի վեր:
1975 թուականին, հանրաքուէարկութիւն մը տեղի ունեցաւ հասնելու համար հաստատ համաձայնութեան Անգլիոյ համար եւ իր մասնակից դառնալը Եւրոպական Տնտեսական Հասարակութեան (ԵՏՀ) մէջ, այժմ գիտցուած իբրեւ Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ): Հանրաքուէի արդիւնքը այն էր, թէ 67%-ը ժողովուրդին համաձայն էր մնալու ԵՏՀ-եան մէջ:
Նոյն տիպի հանրաքուէարկութիւն մը տեղի ունեցաւ 23 Յունիս, 2016-ին, երբ Անգլիոյ խորհրդարանը դարձեալ հարց տուաւ իր ժողովուրդին, եթէ կը նախընտրեն մնալ, թէ լքել Եւրոպական Միութիւնը: Խորհրդարանը որոշած էր այս առիթը տալ 2015 էն ի վեր[2]:
| Անջատուիլ՝ 17,410,742 (51.9%) |
Մնալ՝ 16,141,241 (48.1%) | ||
| ▲ | |||
Արդիւնքը երկրորդ հանրաքուէարկութեան այն էր, թէ 51.9%-ը ժողովուրդին (17,410,742 քուէ) ուզեց լքել Եւրոպական Միութիւնը, իսկ 48.1%-ը (16,141,241 քուէ) ուզեց մնալ: Քուէ տալու իրաւունքը ունեցողներէն միայն 72.2%-ը քուեարկած են:[3]
Ճշգրիտ հեռացման ընթացքը տակաւին հստակ չէ, սակայն կ'ըսուի, թէ շուրջ 2 տարի կրնայ տեւել: Անգլիոյ նախարարապետ/վարչապետ Տէյվիտ Քամերըն յայտարարեց հանրաքուէարկութեան արդիւնքներու յայտարարման օրը (24 Յունիս, 2016), թէ ինք կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ պիտի լքէ իր գործը տարուայ եկող Հոկտեմբերին:[4]
Պրէքզիթի Ժամանակացոյցը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) ողջ տարածքին 2016 թուականի Յունիս 23-ին կատարուած հանրաքուէէն յետոյ, ուր 51.89 առ նկատովը քուէարկեց ԵՄ-էն դուրս գալուն կողմ եւ 48.11 առ նկատովը՝ անդամ մնալուն, Տէյվիտ Քեմերըն հրաժարեցաւ վարչապետութենէն։
2017 թուականի Մարտ 29-ին, Թերեզա Մէյ-ի գլխաւորութեամբ նոր Բրիտանական Կառավարութիւնը ընտրեց պաշտօնապէս ծանուցել ԵՄ-ին, թէ երկու տարուան ընթացքին երկիրը դուրս գալու մտադրութիւն ունի ԵՄ-էն, չնայած Պրէքզիթէն յետոյ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու նպատակներուն շուրջ ՄԹ քաղաքական գործիչներու մէջ համաձայնութիւն չկար։
Դուրս գալը, որ սկզբնապէս ծրագրուած էր 2019 թուականի Մարտ 29-ին, ետ կը ձգուէր Բրիտանական խորհրդարանին մէջ ծագած փակուղիին պատճառով, որուն յանգած էր 2017 թուականի Յունիսի ընդհանուր ընտրութիւնը, որուն արդիւնքով եղած էր «կախեալ խորհրդարան» մը, ուր Պահպանողականները կորսնցուցին իրենց մեծամասնութիւնը, սակայն մնացին ամէնէն մեծ կուսակցութիւնը։ Այս փակուղին ի վերջոյ յանգեցուց ՄԹ-ի «Յօդուած 50»-ի գործընթացին երեք երկարաձգումներու։
Փակուղին լուծուեցաւ 2019 թուականի Դեկտեմբերին տեղի ունեցած յաջորդ ընդհանուր ընտրութենէն յետոյ։ Այդ ընտրութեան մէջ, «hard-brexit»-ի դուրս գալու համաձայնագիրը պաշտպանող Պահպանողականները, որոնց կը գլխաւորէր Պորիս Ճոնսընը, շահեցան 80 աթոռի ընդհանուր մեծամասնութիւն։ 2019 թուականի դեկտեմբերեան ընտրութենէն յետոյ, Բրիտանական խորհրդարանը վերջապէս վաւերացուց դուրս գալու համաձայնագիրը՝ «Եւրոպական Միութիւն (Դուրս Գալու Համաձայնագիր) Աքթ 2020»-ով։
ՄԹ դուրս եկաւ ԵՄ-էն 2020 թուականի Յունուար 31-ի CET-ի աւարտին (ժամը 11 գիշերուան ԺՄՏ (GMT))։ Սկսաւ անցումային շրջան մը, որ աւարտեցաւ 2020 թուականի Դեկտեմբեր 31-ի CET-ի աւարտին (ժամը 11 գիշերուան ԺՄՏ), որուն ընթացքին ՄԹ-ն ու ԵՄ-ն բանակցեցան իրենց ապագայ յարաբերութիւնները։ Անցումի ընթացքին ՄԹ կը մնար ԵՄ օրէնքին ենթակայ եւ կը մնար Եւրոպական Միութեան Մաքսային Միութեան եւ Եւրոպական Միասնական Շուկային մասը։ Սակայն, ան այլեւս ԵՄ-ի քաղաքական մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն մաս չէր կազմեր։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «The UK's EU referendum: All you need to know»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 24 March 2016
- ↑ http://newbie-forex-trader.blogspot.am/2016/09/brexit.html
- ↑ «EU Referendum results 2016»։ BBC News։ 24 June 2016։ արտագրուած է՝ 24 June 2016
- ↑ «Could Scotland block Brexit?»։ արտագրուած է՝ 26 June 2016