Ամէլ Պենթ մեծցած է Լա Քուրնովի[4] մէջ իր Ալճերիացի հօր եւ Մարոքցի մօր հետ: Ան եղբայր եւ քոյր ունի[4][5]: Իր երգի ընթացքը սկսաւ երբ ինք կիսաաւարտականի անցաւ հեռատեսիլի Նոր Աստղի 2-րդ յայտագիրին մէջ։ Նոյնիսկ ինք աւարտականին չի հասաւ բայց տնօրէները իրմով հիացած էին. իր ձայնին եւ մէկ տարի ետք իրեն յատուկ ալպոմ հանեցին, որու անունն էր «Un Jour d'été» (Ամառուայ Օր մը) արձակուեցաւ այս ալպոմը 2004-ի վերջերը: Ալպոմը ծախուեցաւ աւելի քան 550000 օրինակ միայն Ֆրանսայի մէջ[6], ալպոմի յաջող «Ma Philosophie» (Իմ Փիլիսոփաս) երգն էր, որ ծախուեցաւ աւելի քան 500000 օրինակ, ըլլալով առաջինը Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 6 շաբաթ: «Dancing with the Stars» (Պարել Աստղերու հետ) յայտագիրին մասնակցեցաւ եւ երկրորդ դիրքը գրաւեց իր ընկերակիցին հետ Քրիսթոֆր Լիսադա:
«je reste» (Ես Հանգչիմ) երգին մէջ 2011-ին, Մեդա Հըրլենդ Քրոնիքլ Գարլ Լենտեր դերասանին հետ ունեցաւ իր տեսերիզը[7][8]: