Ածանցաւոր բառեր
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ածանց կը կոչուի այն մասնիկը, որ կը դրուելով բառի մը կամ արմատի մը վրայ (սկիզբը կամ վերջը)՝ ուրիշ իմաստով նոր բառ մը կը կազմէ անոնցմէ։ Ուստի ածանցները երկու տեսակ են՝ նախածանցներ եւ վերջածանցներ։ Իսկ Ածանց ունեցող բառերը կը կոչուին՝ ածանցաւոր բառեր։
«Արան» մասնիկը դնելով դաս, վարժ, սառն արմատներուն վերջը կը ստանանք դասարան, վարժարան, սառնարան ածանցաւոր բառերը։ «Ան» մասնիկը աւելցնելով տուն, գիր, երեւոյթ, հեռանկար արմատներուն կամ բառերուն սկիզբը կը կազմենք անտուն, անգին, աներեւոյթ, անհեռանկար ածանցաւոր բառեր։
Ինչպէս վերի օրինակներուն մէջ կը տեսնենք, ածանցները կամ բառի մասնիկները կրնան դրուիլ թէ՛ արմատի (դաս, վարժ, սառն, տուն, դիր), թէ՛ անծանցաւոր (երեւոյթ) եւ թէ բարդ բառերուն (հեռանկար) վրայ։