Ալեոնքա (տուրմ)

Ալեոնքա Տուրմը

Ալեոնքա, կաթով տուրմ, որ սկսած է արտադրուիլ 1965-էն սկսեալ՝ ԽՍՀՄ-ի, աւելի ուշ՝ Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ «Красный Октябрь» (Կարմիր Հոկտեմբեր) գործարանին մէջ (1966-էն սկսեալ)։ Տարբերակիչ յատկութիւնը հիմնուած է սերով (cream)՝ «հարուստ» համին վրայ։ Ներկայիս, «Ալեոնքա» («Алёнка») ընկերութեան վաճառանիշը կը պատկանի «Հրուշակագործներու Միաւորում» («Объединённые кондитеры») կազմակերպութեան, որու կազմին մէջ կը մտնեն 15 կազմակերպութիւններ՝ «Ռոթ Ֆրոնթ»ը («Рот Фронт»), «Красный Октябрь»ը, «Պարայեւեան հրուշակագործներու առեւտրական տունը» («Кондитерский концерн Бабаевский») եւ այլն։ Բացի ատկէ, տուրմին վաճառանիշներուն կարելի է հանդիպիլ նաեւ այլ հետխորհհրդային երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ուքրանիոյ «Ալեոնքա»ն («Оленка») եւ պելառուսական նմանատիպ տուրմեր։

«Ալեոնքա» տուրմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապարը կը կշռէ 100 կրամ՝ ուղղանկիւն տեսքով՝ 3х5 չափի, «Красный Октябрь» գրութեամբ բոլոր կողմերէն, ուր նկարուած է շալով աղջիկ մը։ Կաթով տուրմ՝ «Ալեոնքա»յի բաղադրութեան մէջ կը մտնեն՝ շաքար, փոշի կաթ, քաքաոյի իւղ (cacao), փոշի քաքաօ, քաքաոյի քերթուկ, սերմնակաթ (emulsion) գոյացնող դեղնուցին (lecithin) եւ արհեստական հոտահաղորդիչներ։

«Ալեոնքա» կաթով տուրմի բաղադրութիւնը՝ ըստ «Красный Октябрь» (Կարմիր Հոկտեմբեր) գործարանին՝ շաքար, լրիւ չոր կաթ, քաքաոյի իւղ, քաքաոյի քերթուկ, սերմնակաթ գոյացնող՝ E322 դեղնուցին, արհեստական բոյրի հաղորդիչներ եւ վանիլին։

2000-ական թուականներուն կը սկսի «Алёнка», վաճառանիշով այլ տեսակներու արտահանումը՝

  • նուշի յաւելումով
  • կաղինի յաւելումներով
  • կաղինի եւ չամիչի յաւելումներով
  • կաթի քանակի յաւելումով

Ինչպէս նաեւ կը փոխուի տուրմին բաղադրութիւնը։ Առաջ 100 կրամ սալիկը կը դրուէր ծրարի մը ձեւով, ապա կը փաթթուէր (աւելի փոքր կշիռքով սալիկները մինչեւ հիմա կը փաթթուին)։ Բացի աւանդականէն, կ'արտահանուին նաեւ 200, 60, 20 եւ 15 կրամով տուրմէ սալիկներ։ Ինչպէս նաեւ այս վաճառանիշով կը սկսին նաեւ այն տուրմերու վաճառքը, որոնց պատկերը կը համընկնէր «Ալեոնքա»յի հետ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1960-ական թուականներու սկիզբը ԽՍՀ պետութեան որոշումով գիր մը կ'ընդունուի, որմով յատկապէս մեծ ուշադրութիւն կը դարձուէր մեծ քանակութեամբ շահաւէտ գինով կաթով տուրմերու արտադրութեան։ Մոսկուայի տարբեր գործարաններուն մէջ կը սկսին փորձեր՝ տարբեր տուրմեր ստեղծելու համար։ 1964-ին, խորհրդային հրուշակագործները կը ստեղծեն տուրմը, որ հետագային կը սկսի արտադրուիլ նաեւ այլ գործարաններու մէջ («Ռոթ Ֆրոնթ»ը («Рот Фронт»), «Красный Октябрь»ը, «Պարայեւեան հրուշակագործներու առեւտրական տունը»ը («Кондитерский концерн Бабаевский»))։ Առաջին «Ալեոնքա»ները ի յայտ կու գան «Պարայեւեան հրուշակագործներու առեւտրական տան» մէջ՝ պատկերը աղջիկ էր՝ կապոյտ շալով, Ռոթ Ֆրոնթ»ի երկուքը՝ աղջիկը ցնցուղով եւ աղջիկը շան ու նապաստակի հետ[1]։

1960-ին լուսանկարիչ-լրագրող ՝ Ալեքսանտր Միխայլովիչ Կերինաս, կը նկարէ իր ութամեայ դուստրը՝ Լենան՝ մետաքսէ թաշկինակով։ Նկարը բաւական յաջող էր եւ Կերինաս զայն կ'ուղարկէ ամսագիրներուն։ Առաջին նկարը կը յայտնուի «Խորհրդային նկար» ամսագիրին մէջ, յետոյ ան կը գեղեցկանայ «Առողջութիւն» (Здоровье) ամսագիրին մէջ (№ 1, 1962)[2][3]:

1964-ին, նոր տուրմի եւ հետագայ տուրմերու համար հաստատուն տեսք մը եւ դէմք մը չկար «Красный Октябрь» գործարանին մէջ։ Տուրմերը կ'արտադրուէին տարբեր ծրարի գոյներով եւ նկարներով։ Ի վերջոյ գործարանը կ'որոշէ ընդունիլ մշտական նկար մը՝ մշտական «Ալեոնուշքա» ունենալու համար։ Սակայն այդ որոշումը հաւանութեան չ'արժանանար։ Այն ատեն, գործարանին սեփականատէրը «Երեկոյեան Մոսկուա» թերթին միջոցով, մրցոյթ մը կը յայտարարէ՝ աղջկան նկարին համար, որ դառնար տուրմի ծրարին նկարին դէմքը։ Այդ մրցոյթին կը յաղթէ Ալեքսանտրիօ Գերինասայի նկարը, որ կը բարելաւէ նկարիչ Մասլովը։ Սկզբնական նկարին համեմատ Ալեոնուշքան կը դառնայ կապոյտ աչքերով, կը փոխուի անոր բերանը, դէմքին հաւկթաձեւ գիծերը եւ հայեացքին ուղղութիւնը։ 1965-ին արտադրող գործարանը կը սկսի, արդէն իսկ մշտական նկարով արտադրութիւնը։ Տուեալ նկարը աւելի քան 50 տարի առանց փոփոխութեան կը զարդարէր տուրմին ծրարը։

Փետրուար 2000-ին, Ելենա Կերինաս՝ 1984-ին մահացած հօր աղջիկը, գանգատ կը ներկայացնէ նկարին իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ, ի դէմս («Московская кондитерская фабрика „Красный Октябрь“») Մոսկուայի գլխաւոր արտադրող գործարանին[4]։ Դատը կ'երկարի աւելի քան 2.5 տարի։ Կ'որոշուի, որ բնանկարին օգտագործումը եւ անոր փոփոխութիւնը չեն ձեռնամխուիր եւ չեն խախտեր հեղինակային իրաւունքները:

Ներկայիս մշակոյթի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1998-ին, նկարիչ Ալեքսանտր Շապունով կը ստեղծէ՝ «Ալեոնքան Կովկասի մէջ» արտադրութիւնը, որ կը ներկայանար «Կովկաս» քոնեակի շիշով, եւ որուն վրայ կանգնած էր «Ալեոնքա»ն[5]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 
  2. ««Аленка» տուրմին տեսքին պատմութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 
  3. Շուբին Ո՞վ ես դուն Ալեոնքա // «Աշխատանք», 4 Յունուար 2013
  4. «Աղջիկ չէ, այլ տուրմ է…»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 
  5. Шабуров А. Մենք գաստրոբայթերներ չենք: Archived 2008-12-17 at the Wayback Machine. // Արտխրոնիկա; — 2008. — № 12.

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]