Ալաուիներ
Ալաուիներ, Ալաուի համայնքը իսլամ կրօնքի մէկ մասնաճիւղն է: Ալաուիները կը հետեւին շիա իսլամի 12-րդական դպրոցին, սակայն իրենց հաւատքին մէջ կ՛որդեգրեն համահաշտական տարրեր: Ալաուիները իմամ Ալին (Ալի պին Ապի Թալըպ) կը մեծարեն, իսկ «ալաուի» եզրը կը նշանակէ Ալիի հետեւորդ, կամ «ալիական»:
Կը կարծուի, թէ ալաուի համայնքը Թ. դարուն հիմնադրուած է Իպն Նուսայրի կողմէ: Հէնց այս պատճառով ալաուիները երբեմն «նուսայրի» կ'անուանուին, թէեւ վերջերս այս եզրը նսեմացուցիչ իմաստով կը գործածուի[1]: Այսօր ալաուիները Սուրիոյ ազգաբնակչութեան մօտաւորապէս 11%-ը կը կազմեն, ասկէ զատ՝ Լիբանանի հիւսիսը եւ Թուրքիոյ մէջ նշանակալից փոքրամասնութիւն կը կազմեն: Ղաժար գիւղի եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ ալ ալաուիներու բնակչութիւն կայ: Ալաուիները մեծամասնութիւն կը կազմեն Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններն ու անոնց մերձակայ գիւղերը, ուր կը կենակցին սիւննիներուն, քրիստոնեաներուն եւ իսմայիլիներուն:
Ալաուիները յաճախ կը շփոթուին Թուրքիոյ ալեւիներուն հետ, որոնք կրելով հանդերձ նոյն անունը՝ կը զատորոշուին լեզուական արաբախօս ալիականներէն: Ալաուիները արաբախօս են, կեդրոնացած են առաւելաբար Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հիւսիսն ու Սուրիոյ հետ սահմանակից՝ Թուրքիոյ հարաւ-կեդրոնական շրջանները, մինչդեռ ալեւիները կեդրոնացած են Թուրքիոյ մէջ, թրքախօս եւ քրտախօս են, անմիջական կապ չունին ալաուիներուն հետ:
Արմատներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալաուիներուն ծագումը վիճարկելի է: Տեղական բանահիւսութեան համաձայն՝ ալեւիները 11-րդ իմամ Հասան Ալասքարիին եւ անոր սանին՝ Իպն Նուսայրին հետեւորդներուն շառաւիղն են: 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, կարգ մը արեւմտեան աղբիւրներ համարած են, թէ ալաուիները սերած են միջինարեւելեան հին ժողովուրդներէ, ինչպիսիքն են՝ արամացիները, քանաանները, հիթիթները եւ մարատաները (ճարաճիմաները):
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ The Nuṣayrī-ʿAlawīs(անգլերէն)