Ալաշկերտ Հին Վաղարչակերտ
Ալաշկերտ Հին Վաղարշակերտ բերդաքաղաքի անուան աղաւաղումն է, որ Այրաբատայ Բագրեւանդ (Պայազիտ) գոփ այժմեան վիճակներէն մին կը կազմէ։ Վիճակս ունի 115 գիւղ, որու բնակչութիւնը կը հաշուէր 20.111, հետեւեալ բաշխումով.-
- Մահմետականներ—13863
- Հայ Առաքելականներ—3217
- Հայ Կաթողիկէներ—2754
- Հայ Աւետարանականներ—99
- Այլ—178
Հայաբնակ գիւղերուն թիւն էր 14։
Ալաշկերտ անունը շատ անգամ պատմիչներէն յատկացուած է ամբողջ Բագրեւանդ գաւառին, որ բաժնուած է չորս վիճակներու։
Ալաշկերտ վիճակին գլխաւոր անունն է Թօփրագ-գալէ (Հողարբերդ) որ կը կոչուի նաեւ Ալաշկերտ։ Սա կը համարուի բուն հին Վաղարշակերտը, զոր կանգնած է Բ. դարու վերջերը Արտաչէս Բ. ի թոռը, Վաղարշակ Արշակունի թագաւորը։ Դիրքը բարձր է գրեթէ 5950 ոտք։
Եօթներորդ դարու կիսուն Ներսէս Շինող Կաթողիկոսը հոյակապ եկեղեցի մը շինել տուած է Ս. Աստուածածնայ նուիրուած, որ ժամանակի ընթացքին աւերուելով 1800ական թուականներուն ուրիշ մը շինուած է, որ նոյնպէս փլած վիճակի մէջ կը գտնուէր ընդհ, պատերազմէն առաջ։
Գերեզմանատան մօտերը հին եկեղեցւոյ մը աւերակները կ'երեւին եւ կը կարծուի թէ հոն եղած ըլլայ հռչակաւոր եւ հրաշագործ Ս. Կիրակոսի վանքը։ Մօտերն է 1730 - 5-ին նահատակուած Խանում կոյսի նուիրուած քարակոյտը (տե՝ս Բազմավէպ 1869 էջ 70, ուր հրատարակուած է "Տաղ ի վկայուհի Ս. Խանում նահատակ ի Թոփրագ-գալէ") Ալաշկերտէն մէկ քիլոմէթր հեռու կը գտնուի Ճգնաւորի տեղ քարայրաձեւ աղօթատեղի մը։ Կայ նաեւ Ս. Սարգիս անուամբ ուխտատեղի մը բերդին արեւմտա-հարաւային կողմը։ Ընդհ, պատերազմէն ետք Ալաշկերտի մէջ հայ մնացած չէ։ (Ալիշան այրարատ 535-61, Բագրեւանդ 46-74, եւայլն)։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ հանրագիտակ, Հայր Մկրտիչ Վրդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա. Հատոր, էջ 64։