Jump to content

Ազգային Գանձերը

Ազգային Գանձերը
Երկիր Միացեալ Նահանգներ
Լեզու անգլերէն
Պիւտճէ 100 000 000 $
Շահոյթ 347 512 318 $

«Ազգային գանձերը», (անգլերէն՝ National Treasure), «Walt Disney Pictures» ընկերութեան եւ բեմադրիչ՝ Ճոն Թեօրթելթաուբ, 2004 թուականին նկարաhանած է արկածային ժապաւէնը[1]։ Ժապաւէնի գործողութիւնները տեղի կ'ունենան ԱՄՆ-ի մէջ, ուր կորուսեալին գանձերու որոնման ընթացքին գլխաւոր հերոսները կ'արեւանգեն ԱՄՆ անկախութեան հռչակագիրը, ուր կը գտնուին տամպլիերներու եւ մասոններու ճամբաներով տանող բանալիներ եւ յուշեր։

Ժապաւէնին գլխաւոր հերոսը Բենիամին «Պեն» Ֆրանքլին Գէյթսն է (Նիքոլաս Քէյճ), որու ընտանիքը կը հաւատայ ԱՄՆ հիմնադիր-հայրերու կողմէ թաքնուած անհաւատալի գանձերու դիցաբանութեան։ Պեն իր ընկերոջ՝ Ռայլի Փուլի հետ օգնութիւն կը խնդրէ հարուստ գանձեր որոնող Եան Հաուընէն, որպէսզի գտնեն դէպի գանձերը տանող բանալիները[2]։

Օգտագործելով ջրային հոսանքները եւ սառած ջուրերու քարտէսը՝ հիւսիսային բեւեռի շրջանը խումբ մը կը յայտնաբերէ «Շարլոթա» անունով հին նաւու բեկորներ։ Ներսը Պեն կը գտնէ հնագոյն ծխամորճ մը, որու ծխափողին վրայ փորագրուած է գաղտնի կնիք մը։ Գուշակելով ուղերձը՝ Պեն կու գայ այն եզրակացութեան, որ միւս բանալին կը գտնուի ԱՄՆ անկախութեան հռչակագիրին հակառակ կողմը։ Եան պատրաստ է գանձերը գողնալու: Հռչակագիրը եւ Պենի հետ վիճելէ ետք, կը պայթեցնէ նաւը՝ մտածելով որ Պենը կը մահանայ։

Երբ Պենն ու Ռայլին վերջապէս կը վերադառնան ԱՄՆ, կը փորձեն զգուշացնել իշխանութիւնները Եանի ծրագիրներու մասին, բայց անոնք չեն հաւատար։ Արխիւներու ազգային վարչութեան աշխատող՝ բժիշկ Ապիկայիլ Ճէյս (Տիանա Կրիւգըր) նոյնպէս լուրջ չի մօտենար զգուշացումներուն։ Պեն կ'որոշէ գողնալ Հռչակագիրը, որպէսզի ան չհասնի Եանին։

Հռչակագիրի ստորագրման տարելիցին նուիրուած երեկոյթի ատեն Պենին ու Ռայլին կը յաջողին հակառակորդի քիթին տակէն գողնալ հռչակագիրը։ Անոնք ստիպուած Ապիկայիլը տեղեակ կը պահեն իրենց ծրագիրներուն մասին։ Թաքնուելով ՀԴԲ գործակալներէն՝ Պեն կը գնէ հօրը տունը։ Օգտագործելով վարսայարդարիչ եւ կիտրոնի հիւթ՝ Հռչակագիրի հակառակ երեսին կը գտնեն բանալի մը եւս։ Պեն կը մտածէ որ գաղտնագիրը գուշակելու համար անհրաժեշտ է հետապնդել Պենիամին Ֆրանքլինի կողմէ Սայլընս Տու կուտ (անգլ.՝ Silence Do good) ծածկանունով թերթին մէջ տպագրուած նամակները։

Պենը, Աբիգայիլը եւ Ռայլին կը մեկնին Ֆիլատելֆիա գտնուող Ֆրանքլինեան կրթական հաստատութիւնը, ուր կը գտնուի նամակներու բուն օրինակները։

Վերծանուած ուղերձը անոնց կ'ուղղորդէ դէպի Ազատութեան Զանգ, այսինքն՝ դէպի Անկախութեան դահլիճ, ուր անոնք կը գտնեն Ֆրանքլինի կողմէ ստեղծուած իւրայատուկ ակնոց։ Դնելով ակնոցը՝ Պենը նոր գրութիւններ կը յայտնաբերէ Հռչակագիրին վրայ։ Բայց անոնց կը հետեւի Եանը եւ անոր մարդիկը։ Պենի եւ ընկերներուն հետապնդումեն ետք Յանէն կը յաջողի ստանալ փաստաթուղթը, բայց ոչ ակնոցը։

Պենին կը ձերբակալէ ՀԴԲ գործակալ Փիթեր Սեդասկին (Հարվի Քեյթել), ու կը համոզէ Նիու Եորք երթալ Եանի հետ պայմանաւորուիլ հանդիպման մասին, որպէսզի վերադարձնեն Հռչակագիրը։ Պենը կը համաձայնի, բայց Եանը կը կազմակերպէ անոր փախուստը Հուդզոն գետի վրայ գտնուող «Intrepid» տախտակամածէն։

Պենը ստիպուած է օգնել Եանին գանձերու որոնման հարցով, քանի որ կ'իմանայ, որ Եանի մարդիկը կ'առեւանգեն իր հօրը։ Նոր յուշումները անոնց կը բերեն Ուոլ Սթրիթի Սուրբ Երրորդութեան տաճարը, իսկ Եանքափորով դէպի ներքեւ, ուր անոնք կը յայտնաբերեն ստորերկրեայ պատկերասրահ։ Այստեղ գանձերու որոնումը կը փակուի։ Զայրացած՝ Եանը Պենէն բանալի մը եւս կը պահանջէ։ Պենի հայրը (Ջոն Վոյթ) արագ կը յիշէ՝ Եանին ուղղորդելով սխալ ճամբով դէպի Պոսթոնի եկեղեցի։

Ծխամորճի օգնութեամբ անոնք կը գտնեն գաղտնի մուտք՝ գանձերու իրական սենեակը, որ լեցուն էր ոսկիէ արձանիկներով, Եգիպտոսի, Հռոմի, Անգլիոյ հնագոյն արտեֆակտներով, նոյնիսկ ձեռագրեր Աղեքսանդրիայի գրադարանին մէջ։ Ռայլին կը գտնէ փրկարար ելքը, որ կը տանի իր հետ Եկեղեցի։ Կանչելով ՀԴԲ՝ Պէնը կը յայտնաբերէ, որ գործակալ Սեդասկն մասոն է։ Բայց ան չի փորձեր թաքցնել գանձերը եւ Պենը կ'որոշէ զանոնք բաժնել աշխարհի թանգարաններուն։ Պենը կը համոզէ Սեդասկուն, որ Աբիգայիլը կապ չունի Հռչակագրի առեւանգման հետ, եւ կը խնդրէ, որպէսզի գանձերու յայտնաբերման վաստակը պատկանի Գեյթս ընտանիքին եւ Ռայլի Փուլին։ Սեդասկը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պենին, բայց կ'ըսէ, որ Հռչակագիրը գողնալու համար «մէկը պէտք է բանտ նստի»։ Պենի ցուցումով Եանին կը ձերբակալեն Պոսթոնի մէջ եկեղեցի մտնելու փորձի ժամանակ։

ԱՄՆ կառավարութիւնը կ'առաջարկէ Պենին ու անոր ընկերներուն գանձերու արժէքին 10%-ը, բայց Պենը մեջտեղ կու գայ, որ իր եւ Ռայլիին միջեւ բաժնուած մէկ տոկոսը բաւարար է (մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլար)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (անգլերէն) National Treasure (2004) - IMDb, http://www.imdb.com/title/tt0368891/releaseinfo 
  2. «‘National Treasure’ cashes in on wacky heist»։ tonganoxiemirror.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-11-24