Jump to content

Ազատ Պաշարուածներ (բանաստեղծութիւն)

Ազատ Պաշարուածներ․ նկարը կը ներկայացնէ բանաստեղծութեան 3-րդ՝ Մեսոլոկիի Ելք

Ազատ Պաշարուածները (յուն․՝Ελεύθεροι Πολιορκημένοι ), Յոյն համբաւաւոր Տիոնիսիոս Սոլոմոս բանաստեղծին նշանաւոր բանաստեղծութիւնը, գրուած 1834-1847 ընթացքին։[1]

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ազատ Պաշարուածները» Տիոնիսիոս Սոլոմոսի ամենակարեւոր գրութիւններէն է, որուն սկզբնական վերնագիրը եղած է «Պարտքն ի դէմս Մեսոլոկցիներուն»։ Երեք ուրուագիծեր ունէր, որոնցմէ երրորդը վերջնականն էր։ Ժողովրդական յունարէնով գրուած է ու կշռոյթն ալ յամբիկական 15 վանկնոց է, սակայն քանի մը անգամ տողերը պարբերութիւններու կը վերածուին։[2]

Այս գրութիւնը Մեսոլոկիի բնակչութեան անտանելի վիճակին մասին կը խօսի, երբ թուրքերու կողմէն պաշարուած էին։ Սոլոմոս կը գրէր թէ Մեսոլոկիի ժողովուրդը ջուրի սնունդի պակաս ունէր։ Տնտեսական եւ մարմնական ազատութիւն չունէին, բայց ունէին բարոյականութիւն եւ ներքին հոգեւոր անկախութիւն։ Վերջապէս կ՛եզրակացնէր, որ չնայած թուրքերու զօրութեան, Մեսոլոկցիներուն իրական թշնամին թուրքը չէր այլ իրենց իսկ անձը։[3][4]

Տիոնիսիոս Սոլոմոսի Ազատ Պաշարուածներու բանաստեղծութենէն ձեռագիրը

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]