Երուանդ Ադամեան

(Վերայղուած է Ադամեան Երուանդ-էն)
Երուանդ Ադամեան
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 1935
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Ադամեան Երուանդ (…-1935), մտաւորական, ուսուցիչ։

Պոլիսեն ստացած է նախնական ուսումը եւ Սկիւտարի ճեմարանը աւարտելէ ետք մէկ տարի ուսուցչութիւն կընէ ու Վենետիկ կանցնի ուսումը շարունակելու համար։

Եւրոպական լեզուներու տիրանալէ ետք Աւստրալիա կը մեկնի եւ 1894-ին շրչաներուն Միացեալ Նահանգներ կերթայ ու Գալիֆորնիա կը հաստատուի։

Թղթակցած է Փօրթուգալեանի «Արմէնիա»-ին յետոյ «Հայ Սրրտ»-ին, Պոլսոյ թերթերուն Ֆրէզնոյի «Նոր օր» Երուանդունի, Մժեժ Գնունի կեզծ անուններով։

Առեւտրական գործի նուիրուելով օժանդակած է ազգային գործերուն․ 15 տարի հիւանդկախ տառապելէ ետք Լոս Անճելոսի մէջ կը վախճանի։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտական, Յ․Մկրտիչ Վարդ Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, գիրք Ա, էջ 35