Ագարակաւան

Գիւղ
Ագարակաւան
Երկիր  Հայաստան
Մարզ Արագածոտնի մարզ
Այլ անուանումներ Ագարակ
Տարածութիւն 5.74 քմ²
ԲԾՄ 1450 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 1388 մարդ (2008)
Ազգային կազմ հայեր
Ժամային գօտի UTC+4։00

Ագարակաւան (մինչեւ 2006 Ագարակ), Հայաստանի տարածաշրջանին մէջ գիւղ Արագածոտի մարզի Թալինի տարածաշրջանին մէջ, մարզի կեդրոնէն 32 քմ հիւսիս-արեւմուտք, բարձրութիւնը ծովու մակերեւոյթէն՝ 1450 մ։ Բնակչութիւնը՝ 881 մարդ (2011)[1]։ Ագարակաւանը վերանուանուած է 4 Յուլիս 2006-ին։ Գիւղին մէջ կը գործէ միջնակարգ 12 ամեայ դպրոց: Դպրոցը ունի 124 աշակերտ 2017-ի դրութեամբ:

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղի նախնիները Մուշէն, Սասունէն եւ Տարօնէն գաղթած են։ Ագարակաւանի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը[2].

Տարի 1922 1959 1970 2001 2004
Բնակիչ 500 535 610 1 069 1 104

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնակաչութիւնը անասնապահութեամբ, պտղաբուծութեամբ եւ հողագործութեամբ կը զբաղի։ Գիւղատնտեսական հողահանդակներու հիմնական մասը որպէս վարելահողեր եւ արօտավայրեր կ՛օգտագործուի:

Այստեղ տարբեր մշակաբոյսեր կաճին: Հացահատիկային մշակաբոյսերէն ցորեն եւ գարի կ'աճեցնեն: Կերային մշակաբոյսերէն կորնգան եւ առւոյտ կ'աճեցնեն: Տնամերձ հողերուն վրայ այգիներ եւ բանջարաբոստանայիներ կը մշակեն: Այգիներուն մէջ կը գերակշռեն ծիրանենին, խնձորենին, ընկուզենին, կեռասենին, տանձենին, նաեւ կը մշակեն նուշ, թութ, սերկեւիլ, թուզ եւ կաղին: Հատապտուղներէն կ'աճեցնեն մոշ, ելակ, մորի, հաղարջ, մասուր: Բանջարաբոստանային հողագործութեան մէջ կ'աճեցնեն գետնախնձոր, լոբի, լոլիկ, վարունգ, դդում, սիսեռ, սմբուկ, կաղամբ, տաքդեղ, սոխ, սխտոր, կանաչիներու տարբեր տեսակներ եւ այլն:

Հարեւան գիւղատեղիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղէն դէպի հիւսիս կը գտնուի Դիան գիւղը, արեւմուտքին Ներքին Բազմաբերդ գիւղն է: Հիւսիս-արեւմուտքին Կաքաւաձոր գիւղն է:

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղի կլիման չոր է: Ամառները տաք են եւ չոր, միջին ջերմաստիճանը կը սահմանուի +22 եւ +34 աստիճաններու միջեւ, ամառուան ընթացքին քիչ են մթնոլորտային տեղումները, որոնց բացակայութիւնը մեծ վնաս կը հասցնէ արօտավայրերուն եւ վարելահողերուն: Գիւղը ունի ոռոգման եւ խմելիք ջուրի խնդիր, ոռոգումը կը կատարուի արհեստականօրէն ամբարուած ջուրի շնորհիւ, իսկ խմելիք ջուրը քիչ է: Ձմրան ջերմաստիճանը կը սահմանուի -3 -15 աստիճաններու միջեւ, վերջին 3 տարիներու ընթացքին ջերմաստիճանը ընդհուպ մինչեւ -23 աստիճան կը նուազի: Հաստատուն ձիւնածածկոյթ չի ձեւաւորուիր: Գիւղը բնական կազի մատակարարում չունի, գիւղացիներուն մեծ մասը տուները վառարաններով կը տաքցնեն: Գիւղը գիշերային լուսարձակներ ունի: Գիւղին մէջ կայ Հայրենական Մեծ պատերազմի ժամանակ զոհուածներու յուշարձան: Գիւղին մէջ չկայ եկեղեցի, սակայն կայ մատուռ, որ գիւղացիներու սրբատեղին է:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Արագածոտնի մարզ