Աբրահամ փաշա Բարթող
Աբրահամ փաշա Բարթող | |
---|---|
| |
Ծնած է | 25 Սեպտեմբեր 1850 |
Ծննդավայր | Աղեքսանդրիա |
Մահացած է | 16 Դեկտեմբեր 1911 (61 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս |
Քաղաքացիութիւն | Եգիպտոսի Խտիվութիւն |
Ուսումնավայր | Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան |
Աբրահամ փաշա Բարթող (25 Սեպտեմբեր 1850, Աղեքսանդրիա - 16 Դեկտեմբեր 1911, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս), ծանօթ է նաեւ՝ իբրեւ «Խաուաճա Աբրահամ»։ Եգիպտահայ գաղութին աչքառու դէմքերէն մէկնը։ Կեսարացի ծանօթ վարժապետ Աբրահամ Կիւլպէնկեանի եղբօրորդին։
Ան աշակերտած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ սատարած է Աստուածատուր Յավհաննէսեան եպիսկոպոսի «Ժամանակագրական Պատմութիւն Երուսաղէմի» երկհատոր գործին տպագրութեան ծասերուն։
Իր հօրեղբայրը, Աբրահամ վարժապետ, Պոլսէն Եգիպտոս գաղթած է Մեհմետ Ալի փաշայի խորհրդական՝ Պօղոս պէյ Եուսուֆի հրաւէրով (որուն ուսուցիչն էր)։ Աբրահամ վարժապետ ըստ արժանւոյն կատարելով ուսուցչական պաշտօնը, արժանացած է Եգիպտոսի խտէվէի գնահատանքին։ Վերջինս՝ որպէս գնահատանք, Աբրահամին պարգեւած է ընդարձակ հողեր՝ Եգիպտոսի Ղարպէ գիւղէն, ինչպէս նաեւ՝ իշխանական պալատ մը։
Խաուաճա Աբրահամ, ինչպէս որ սկսած է կոչուիլ անկէ ետք, գիւղը շէնցուցած է եւ յաճախ վայելած է այցելութիւնը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու նոյն ապարանքին մէջ, ուր «Թադէոս Բարթողոմիոս» անունով մատուռ մը կառուցած է Գաբրիէլ Եպիսկոպոսի առաջնորդութեան օրով, անոր կցելով նաեւ գերեզմանատուն մը, ուր թաղուած են քրիստոնէաներ (ղպտի յոյն եւ հայ)։ Այս մատուռը, որ հաստատուած է 26 Օգոստոս 1851-ին, ցարդ կանգուն է, ուր երբեմն կը կատարուին եկեղեցական արարողութիւններ։
Աբրահամ վախճանած է 16 Մայիս 1836-ին եւ թաղուած Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ։
Խաուաճա Աբրահամին մահէն ետք, իր եղբայրը շրջափակին մէջ գտնուող հին գերեզմանատունը օժտած է հետեւեալ տապանագրով։
Ֆէլէկ սէնի Լոքմանէ պէնգէտիպ կելտիմ տէրմանէ
Էճէլ գէհրինի էզզանէ քաթըպ եէտիրտին ինսանէ
Ասլըն նէրէլի սօրանէ Գայսէրի թալաս մէսքեանէ
Րէհ տիվան Արապիսթանէ կիտիպ քարըշրըդ տէվրանէ
Աղա Բարթող Կիւլպէնկեան շարունակած է շէնցնել նոյն ստացուածքը եւ վայելել Խէտէվիի ընտանիքի բարեկամութիւնը։
Որդին՝ Աբրահամ Բարթող փաշա, ծնած է 1850 Սեպտեմբեր 21-ին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, ուր ղրկուած է խնամակալին Յակոբ Աշըգեանի կողմէ։ Երուսաղէմի մէջ իրեն դասընկեր եղած է Կիլիկիոյ Սահակ Ս.Կաթողիկոսը։ Եգիպտոս վերադառնալով 1874-ին ամուսնացած է սեղանապետ Եուսուֆեանի աղջկան հետ։ Որպէս բարեսիրտ անձ՝ միշտ սատարած է հայ ազգօգուտ ձեռնարկներու եւ օգնած Եգիպտոսի, Պոլսոյ եւ գաւառի զանազան Ազգային հաստատութիւններուն։ Եգիպտոսի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմանադիր անդամներէն է եւ մեծ գուրգուրանքով օգտակար դարձած է ՀԲԸՄ-ին։ Երանուհիի հետ, որ բարեսիրտ ու գթած անձնաւորութիւն եղած է, 1896-ին Թուրքիայէն Եգիպտոս գաղթող թշուառ Հայերուն հոգածու վերաբերմունք ցոյց տուած է։
Թագաւոր փաշայի մահէն ետք, որուն հենասիւնը եղած է, ազգային կեանքէ ներս Աբրահամ փաշա նուիրուած է ազգային գործերու, դարձած է նաեւ ՝ վերակացու (միւթէվէլլի), եկեղեցապատկան կալուածներու մատակարարման։ Հրատարակչատան մը հաստատման համար, տրամադրած է հարկ եղած գումարը։ Սիրտի եւ միտքի իր ազնուութեամբ՝ վայելած է միջազգային համբաւ։ Այս բոլորին շնորհիւ ստացած է աստիճաններ եւ պատուանշաններ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 377-378:
- Յիշատակարան