Jump to content

Աբրահամ Վարդապետեան

Աբրահամ Վարդապետեան
Ծնած է 1891
Ծննդավայր Մարաշ
Երեխաներ 1 մանչ, 3 աղջիկ

Աբրահամ ծնած Վարդապետեան, Մարաշցի, ծնած 1891-ին

Մեծ Ջարդին, հայրը եւ հօրեղբայրը կորսնցնելու դժբախտութիւնը կ՝ ունենայ եւ Երուսաղէմի Շնէլնէր գերմանական որբանոցը կը ղրկուի։ Հոն նախակրթարանը աւարտելէ յետոյ կը սորվի բրուստի արհեստը։ 1908-ին, երբ Պրն. Վարդապետեան շրծանաւարտ կ՝ ըլլայ, կարգ մը Լիբանանցի տիւրզի շէյխեր կը խորհին հոս բրուտի գործը արդիականացնել։ Երուսաղէմ կ՝ երթան վարդապետ մը ճարելու, որուն որպէս օգնական վարպետ՝ դպրոցին կողմէ կը յանձնարարուի Պրն. Աբրահամ Վարդապետեան վարպետ կը նշանակուի այս ձեռնարկին եւ երկու տարի գորղե յաջողութեամբ կը վարէ։ 1910-ին, Պրն. Յովսէփ Վարդապետեան եւս կու գայ Լիբանան եւ երկու եղբայրներ կը ձեռնարկեն բրուտի անձնական գործին։ Պրն. Աբրահամ վարդապետեան ամուսնացած է Օր. Արշալոյս Չէթէճեանի հետ եւ ունի մանչ մը՝ Սերքօ, եւ երեք աղջիկ՝ Շաքէ, անահիտ եւ Վարդանուշ։ Պրն. Վարդապետեան իր արհեստին վերաբերեալ մասնագիտական գործերու համար յաճախ այցելած է Եւրոպա եւ նորագոյն մեթոտները կիրարկած[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 414։