Աբրահամ Խոստովանող
Աբրահամ Խոստովանող, Ե. դարու հայ մատենագիր։ Կը պատկանէր Ղեւոնդեանց խումբին։ Ծննդեան եւ մահուան թուականը անյայտ է։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Տայոց գաւառի Զենակս գիւղին մէջ, որմէ առաջ եկած է իր Զենակեցի կոչումը։ Մասնակցած է Վարդանանց պատերազմին։ Պարսից Յազկերտ արքայի հրամանով 454-ին հայ նախարարներու եւ հոգեւորականներու հետ տարուած է Պարսկաստանի Դենշապուհ քաղաքը, ուր չարչարուած է պարսից կողմէն՝ կտրած են ականջները եւ աքսորած զինք Ասորեստան։ Այնտեղ Աբրահամ Խոստովանող ասորերէնէն թարգմանած է Նփրկերտի Մարութաս եպիսկոպոսի գրած «Վկայք Արեւելից» գործը։ Նփրկերտը ներկայ Մուֆարզին կամ Ֆարզին քաղաքն է, որ պատմական Տիգրանակերտն է՝ Տիարպէքիրը, որ Ամիդն է։ Նփրկերտը կոչուած է նաեւ մարտիրոսաց քաղաք, որովհետեւ հոն Դ. դարուն պարսից երկարակեաց Շապուհ թագաւորին կողմէն նահատակուեցան բազմաթիւ քրիստոնէաներ։ Մարութասի այդ գործը գրական հրաշալիք մըն է։ Մարութաս եպիսկոպոս գրած է կեանքն ու նահատակութիւնը Նփրկերտի եւ Պարսկաստանի բազմաթիւ քրիստոնեաներու, որոնք արիաբար նահատակուեցան քրիստոնէութեան համար։ Աբրահամ Խոստովանող Մարութաս եպիսկոպոսի «Վկայք Արեւելից» գործը թարգմանած է Ե. դարու ընտիր գրաբարով մը ու իր լեզուն այդ թարգմանութեան մէջ կը հանդիսանայ օրինակելի։
Աբրահամ Խոստովանողի լեզուն կրած է Եզնիկ Կողբացիի զօրաւոր ազդեցութիւնը։ Եղիշէ պատմիչ իր պատմութեան մէջ բազմաթիւ տեղեր օգտագործած է Աբրահամ Խոստովանողի թարգմանութիւնը։ Եղիշէի դիւցազներգելու ոճը եւ լեզուն կրած են Աբրահամ Խոստովանողի թարգմանութեան ազդեցութիւնը։ Առաջին անգամ Բաբգէն կաթողիկոս եւ յետոյ ուրիշ բանասէրներ նկատեցին այս ազդեցութիւնը եւ Եղիշէն իր պատմութեամբ դրին Աբրահամ Խոստովանողէն աւելի ուշ։ Աբրահամ Խոստովանող 12 տարի ետք 463-ին ազատելով աքսորէն՝ վերադարձաւ Հայաստան եւ Գիւտ կաթողիկոս զինք ձեռնադրեց Բզնունեաց գաւառի եպիսկոպոս։
Աբրահամ Խոստովանողի կատարած թարգմանութիւնը՝ «Վկայք Արեւելից», երկար ատեն անտիպ մնաց։ 1901-ին միաբան կամ դպիր Գ. Տ. Մկրտիչեան կը սկսի տպագրել Էջմիածինի մէջ եւ հազիւ 1920-ին լոյս կը տեսնէ, իբրեւ յետ մահու հրատարակութիւն։ Դժբախտաբար լոյս տեսնելէն վերջն ալ չտարածուեցաւ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր Ա. էջ 41
- Ուսումնական Ծրագիր - Հալէպահայ Ուսուցչաց Միութիւն 1950-1960ական թուականներ։