Աբրահամ Ապրօ
Աբրահամ Ապրօ (1793 - 18 Սեպտեմբեր 1857 թթ.), հայ վաճառական։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աբրահամ 1814-ին՝ ծնողքին թելադրութեամբ կը ղրկուի Եուսուֆեան Պետրոս Ամիրայի քով, որ Եգիպտոսի փոխարքայ Մեհմետ Ալի փաշայի սեղանաւորն ու գործակալն էր եւ Թրիէոթէի առաջին վաճառականը։
Աբրահամ՝ վաճառականութեան սիրահար, հետզհետէ մեծ յաջողութիւն ցոյց կու տայ, այդպէս որ Պետրոս ամիրայ իր բոլոր գործերը անոր կը յանձնէ եւ ամէն անգամ, որ իր եղբօր՝ Պօղոս պէյ Եուսուֆի հետ տեսնուելու պէտք կունենայ, իր տեղը Աբրահամը կը ղրկէ Եգիպտոս։
1847-ին երբ Պետրոս ամիրայ կը մահանայ, իր ամբողջ հարստութիւնը եւ փոխարքային սեղանաւորութենէն Ապրոյի կը ձգէ. Մեհմետ Ալի փաշա այնչափ գոհ կը մնայ անոր անձուէր ծառայութենէն որ 1846-ին Ապտուլ Ազիզ կայսրէն կը խնդրէ որ իֆթիխարի պատուանշանը շնորհուի Աբրահամ Ապրոյի։
Իր բարձր պաշտօնը մինչեւ 1853 ամենայն հաւատարմութեամբ կը կատարէ եւ այդ տարին իր անձնական գործերուն պատճառով կը քաշուի։ Ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի Եգիպտոս, Լոնտոն եւ Փարիզ, ուր կը մահանայ 18 Սեպտեմբեր 1857-ին, չկրնալով տոկալ իր վաղամեռիկ զաւկին մահուան պատճառած ցաւին։
Նուիրատուութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աբրահամ Ապրօ 10000 Ֆրանք նուիրած է Փարիզի մէջ մատուռ մը կառուցելու համար, բայց զանազան պատճառներով այն ատեն չէ իրագործուած։
- Շահնազարեան Կ.Վ-ի հրատարակած «Շտեմարան հայ պատմագրաց»ին նիւթապէս սատարած է, հոգալով տպագրական ծախսերը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մասիաց աղաւնի 1857
- Յիշատակարան (հեղինակ՝ Վ. Գ. Զարդարեան)