«Ֆասթ ֆաշըն» կամ «Արագ նորոյթ»

H&M եւ ZARA վաճառանիշներ՝ Փարիզի Ռիվոլի պողոտայ

«Ֆասթ ֆաշընը» կամ «Արագ նորոյթը» վաճառանիշ մըն է, որ հագուստներ կը շինէ շատ արագ, յաճախ եւ աժան:

«Ֆասթ ֆաշըն»ի վաճառանիշ մը կրնայ տարեկան մինչեւ երեսունվեց հագուստի հաւաքածոյ արտադրել, մինչ նորոյթի դասական վաճառանիշները տարեկան չորս հաւաքածոյ կը պատրաստեն: Ասիկա յաճախորդները կը մղէ կանոնաւոր կերպով նոր հագուստներ գնելու եւ թափելու այն հագուստները, որոնք այլեւս նորոյթ չեն:

«Ֆասթ ֆաշըն»ի վաճառանիշներուն համար, արտադրութեան այս միջոցը կարելիութիւնը կու տայ շատ դրամ շահելու: Սակայն ասիկա կործանարար ազդեցութիւններ ունի կենսոլորտին եւ այդ գործարաններուն մէջ աշխատողներուն համար: Սակայն այդ հագուստներուն մեծ թիւով եւ անդադար արտադրութիւնը կը կարօտի ջուրի եւ ուժանիւթի մեծ քանակութեան: Այդ հագուստները յաճախ շինուած են ցած որակի կամ նոյնիսկ կենսոլորտը ապականող նիւթերէ, ինչպէս` փոլիէսթէրը կամ էլասթանը: Ասոր կողքին արտադրող գործարաններուն մեծ աշխատող բանուորները յաճախ շատ քիչ կը վարձատրուին եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ կ'աշխատին[1]:

«Ֆասթ ֆաշըն»ի ժխտական ազդեցութիւններուն վերաբերեալ ահազանգները կը շատնան: Այս ձեւով, կարգ մը վաճառանիշներ կը փորձեն աւելի պատասխանատու աշխատելակերպեր որդեգրել նիւթերու գործածութեան եւ աշխատանքի պայմաններու  վերաբերեալ: Յաճախորդներն ալ կը քաջալերուին նուազ հագուստներ գնելու` նախընտրելով որակը քանակի փոխարէն եւ ընտրելու վաճառանիշներ, որոնք կ'առաջարկեն աւելի երկար տեւող ու լաւ պայմաններու մէջ արտադրուած հագուստներ[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]