«Վազելին»
«Վազելին», իւղի նման թանձր, կակուղ, բայց անգոյն, անբոյր եւ անհամ նիւթ մը[1][2]:
«Վազելին»ը ամէնէն անվնաս եւ գործածական դեղերէն մէկն է եւ չէ դադրած նուաճելէ բժշկական եւ ճարտարարուեստի աշխատանքները:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1859-ին, առաւօտ մը, ամերիկեան թերթերը մեծ տառերով կը յայտարարեն հարուստ նաւթահորի մը գտնուիլը Փենսիլվանիոյ մէջ:
Պրուքլին բնակող քիմիագէտ Ռոպէրթ Շէզըրպուխ՝ հանքածուխէն հրանիւթեր պատրաստելու նշանաւոր մասնագէտ, կարդալով լուրը կ'անդրադառնայ իսկոյն, որ բնական քարիւղի այս նոր աղբիւրը մեծ վնաս կրնայ պատճառել իր գործին ու դիրքին:
Միայն 22 տարեկան, կ'որոշէ լքել իր ասպարէզը եւ տարրալուծողի եւ զտողի իր շնորհները այնուհետեւ ի սպաս դնել «սեւ ոսկի»ին: Գրպանը ունեցած դրամով կ'առնէ շոգեկառքի տոմս մը եւ կ'երթայ Թեիւզել՝ Փէնսիլվանիոյ փոքր քաղաքներէն մէկը:
Օր մը, քարիւղի շրջաններէն անցած պահուն՝ Շէզըրպուխ կը նշմարէ գործաւոր մը, որ տրտնջալով կը մաքրէ մեքենայի մը մխակներուն փակած մեղրամոմի նման աղտը: Կը հետաքրքրուի: «Փարակինի նմանող դիրտ մըն է: Կը խանգարէ մեքենաներուն աշխատանքը, բայց երբ մեր մատերնը կտրի կամ ուրիշ որեւէ տեղ այրի՝ այս աղտէն կը քսենք վրան, վէրքերը կը բուժուին շուտով», կը բացատրէ բանուորը[3]:
Պրուքլին վերադարձին, Շէզըրպուխ տուփ մը կը բերէ իրեն հետ այդ «աղտ»էն: «Վէրքեր կը բուժէ՝ ուրեմն բուժիչ յատկութիւններ ունի, եւ կարելի չէ՞ տարրալուծարանի մէջ պատրաստել այս նիւթը» կը մտածէ քիմիագէտը:
Մտածումէն կ'անցնի գործի եւ քիչ ժամանակ ետք կը յաջողի քարիւղէն պատրաստել թանձր ու թափանցիկ նոր նիւթ մը: Նախ ինքն իր վրայ կը փորձէ անոր յատկութիւնները, ձեռքերը կրակով եւ թթուով (ասիտ) կ'այրէ, ոտքերը կը քերթէ, կը կտրտէ դանակով եւ վէրքերուն վրայ այդ նիւթը կը քսէ: Այս նոր նիւթը մեծապէս կը նպաստէ վէրքերու դարմանման: Կը փորձէ նաեւ ուրիշներու վրայ ու միշտ բարենպաստ կ'ըլլայ արդիւնքը:
Կը պատրաստէ մեծաքանակ եւ «Վազելին» կ'անուանէ զայն: Նմոյշներ կ'ուղարկէ բժիշկներու եւ գիտնականներու՝ ապսպրանքի սպասելով: Լաւագոյն պարագային շնորհակալագիրեր կը ստանայ եւ երկրորդ նմոյշ մը ուղարկելու խնդրանքներ:
Չի յուսահատիր: Կ'իջնէ հրապարակ եւ իր իսկ ձեռքերով կը բաժնէ ժողովուրդին ձրիաբար: Ձիով կառք մը կը վարձէ եւ կ'երթայ Նիւ Եորքի հիւսիսային արուարձանները: Հանդիպող մարդուն կու տայ «Վազելին»ի փոքրիկ տուփ մը, միշտ ձրի:
Ճիգերը կ'արդիւնաւորուին: Շատ չանցած կը փնտռուի եւ կը ծախուի ամէն տեղ, «վայրկեանը մէկ տուփ»ի հաշուով:
«Վազելին»ին բարերար յատկութիւնները կը հաստատուին վերջնականապէս 1912-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ, Ապահովութեան Ընկերութեան մը շէնքը հրոյ ճարակ կը դառնայ: Բազմաթիւ գործաւորներ կ'այրին, որոնց վէրքերը կը դարմանուին եւ ցաւերը կ'ամոքուին շնորհիւ «Վազելին»ին: Անկէ ետք է, որ Միջազգային Կարմիր Խաչը եւ Բանակը կ'որդեգրեն «Վազելին»ը՝ թեթեւ այրուածքներու համար: Եւ իրօք, «Վազելին»ը կը պաշտպանէ վէրքերը ախտավարակ մանրէներու դէմ:
«Վազելին»ի գտած ընդունելութենէն եւ ամէն մարզի մէջ տուած անոր գոհացուցիչ արդիւնքներէն այնքան կը խանդավառուի գիւտարարը՝ Շէզըպրուխ, որ ամէն օր պզտիկ դգալ մը կ'ուտէ անկէ, համարելով զայն ոչ միայն համայնաբոյժ դեղ, այլեւ՝ սնուցիչ ուտելիք: Անգամ մըն ալ երբ կողատապի կը բռնուի՝ հիւանդապահուհիէն կը խնդրէ մարմինը օծել վազելինով: Եւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ կ'առողջանայ:
Երբ Շէզըպրուխ կը մեռնի 96 տարեկան հասակին՝ վերջին շունչին կը յայտարարէ, որ իր երկարակեցութիւնը կը պարտի «Վազելին»ի ամէնօրեայ գործածութեան[4]: