Jump to content

«Մարաւիկլիա» զբօսանաւ

«Մարաւիկլիա»ն զբօսանաւ մըն է, շինուած՝ Ֆրանսայի Սեն Նազերի նաւաշինարաններուն մէջ հազարաւոր անձերու աշխատանքով:

Ծովերու այս հսկան շինուած ամէնէն մեծ նաւն է` իր 315 մեթր երկարութեամբ, 43 մեթր լայնքով, 65 մեթր բարձրութեամբ եւ 171.598 թոն ծանրութեամբ: Ան կրնայ ընդունիլ մինչեւ 5714 ճամբորդ, եւ անոր արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 22 քմ-ի:

Այս նաւուն շինութիւնը կարօտած է 6 միլիոն ժամ աշխատանքի, մէկ միլիոն ժամ` անոր յղացման համար 1,5 միլիոն ժամ անոր պողպատէ մարմինին շինութեան համար, ապա 3,5 միլիոն ժամ` մնացած մանրամասնութիւններուն համար: Այս ձեւով, «Մարաւիկլիա» կը նմանի 300 հազար կտորէ բաղկացած հսկայական փազըլի մը, իր 1500 քմ երկար մալուխներով (քապլ) եւ 80 հազար լուսաւոր կէտերով:

Նաւուն վրայ գոյութիւն ունին` չորս լողաւազան, 12 ճաշարան[1], շարժապատկերի սրահ մը, վիտէօ խաղերու սրահ մը[2], քարաօքէի բեմ մը, ինչպէս նաեւ` 3 սահնակներով ջրային խաղավայր մը: Շրջապտոյտին ընթացքին ճամբորդները իրենց դաստակին վրայ կը կրեն ելեկտրոնային ապարանջան մը, որ անոնց կը ծառայէ իրենց սենեակին դուռը բանալու, ինչպէս նաեւ իրենց գնումներուն վճարումները ընելու:

Յունիս 2017-ի սկիզբը «Մարաւիկլիա» կը հասնի Հաւրի նաւահանգիստը[3]: Անոր առաջին ճամբորդութիւնը կը սկսի Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, դէպի Մարսէյ, ուր ան կը հասնի մէկ շաբաթ ետք: Մալթեան ընկերութեան մը պատկանող այս նաւը կը շրջի Միջերկրականին մէջ` իբրեւ գլխաւոր նաւահանգիստ ունենալով` Մարսէյը (Ֆրանսա), Ճենովան (Իտալիա) եւ Պարսելոնան (Սպանիա): Մէկ շաբթուան արտասովոր շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին կը հրամցուի 112.000 բաժին ճաշ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]