«Կրիթըրներ»ը
«Կրիթըրներ»ը տեղացիներ են, որոնք զբօսաշրջիկները կ'ընդունին եւ զանոնք կը պտտցնեն իրենց սիրած քաղաքին մէջ:
«Կրիթըր»ի դրութիւնը ծնած է 1992-ին, Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ)[1]:
Անոնք չեն նմանիր զբօսաշրջիկներու պարզ արհեստավարժ ուղեկցորդի մը, որ բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը հայթայթէ վայրերուն մասին: «Կրիթըր»ը (անգլերէն` թու կրիթ, ընդունիլ) կամաւոր է: Ան խանդավառութեամբ կ'ընդունի այցելուն, եւ անոր կը ծանօթացնէ իր շրջանը` իւրայատուկ ձեւով:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ունենալ իրեն յատուկ հետաքրքրութիւններ, օրինակի համար` շոգեկառքի պատմութեան մասնագէտ, կամ ծաղիկներու եւ բնական հարստութիւններու սիրահար:
«Կրիթըր»ը կը ներկայացնէ` իր գիւղը կամ թաղամասը, սովորականէն տարբեր վայր մը, պատմելով կեանքէ բաժին մը, անեկդոտ մը, աւանդութիւն մը եւ այլն:
Կրիթըրի մը համար ամէնէն կարեւորը այցելուներուն անձնական փորձառութիւն մը նուիրելն է եւ կարենալ` պատշաճիլ անոնց հետաքրքրութիւններուն: Անոնցմէ շատերուն պարագային, այս փոխանակումը կը շարունակուի նշանակուած ժամերէն անդին եւ կրնայ յանգիլ պարզ ճաշի հրաւէրի մը, կամ նոյնիսկ` այցելուներուն երկիրը երթալու հրաւէր մը: Կրիթըրի մը համար կարեւորը դիմացինին հետ այդ փոխանակումը եւ անցուցած ժամանակն է[2]: