«Խենթ»ին Շիրիմը

Խենթին գերեզմանը՝ Էջմիածինի Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Խենթին՝ Սամսոն Տէր Պօղոսեանին, (1846-1911) շիրիմը կը գտնուի Ս. Գայեանէ վանքին՝ Էջմիածնի մէջ, որ կառուցած է Եզր կաթողիկոս, 630-ին:

Ըստ աւանդութեան, հոս կը գտնուի Գայեանէ կոյսին աճիւնը:

Նոյն այս վանքին մօտ գտնուող գերեզմանատան մէջ կայ անշուք ու անմշակ որձաքար մը, որուն վրայ փորագրուած է սոսկ բառ մը՝ «Լալա»: Այս գերեզմանին մէջ կը հանգչի դժբախտ աղջկան աճիւնը, որուն թաղումը նկարագրուած է Րաֆֆիի «Խենթը» վէպին մէջ: Հանրայայտ պատմավէպին հերոսուհին`Լալան, եղած է իրական անձնաւորութիւն մը:

Վանքին մէջ կայ նաեւ շիրիմ մը, որուն պազալթէ շիրմաքարին վրայ գրուած է «ԽԵՆԹ – Սամսոն Տէր Պօղոսեան – 1846-1911»:

Իսկ մէջը կան խաչաձեւուած սուրեր: Ասիկա նոր տապանաքարն է: Կողքին դրուած է հինը, որ տուֆէ է եւ ունի հետեւեալ մակագրութիւնը` «ԽԵՆԹ – Վարդան»:

Սամսոն Տէր Պօղոսեանը, նոյնինքն` Խենթ Վարդանը, 1877-78 ռուս-թրքական պատերազմի հերոսներէն է: Իրականին մէջ ալ ան եղած է Պայազիտի ռուսական կայազօրի փրկիչը, ինչպէս որ պատկերուած է վէպին մէջ:

Սամսոն Տէր Պօղոսեան իր գործերով լայն ճանաչում գտած է ժողովուրդին մէջ եւ նախատիպ ծառայած է Րաֆֆիի վէպին համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]