Պայազիտ (Դարոյնք)

Բնակավայր
Պայազիտ
թրք.՝ Doğubayazıt
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 1625 մեթր
Բնակչութիւն 121 263 մարդ (2018)
Փոստային ցուցանիշ 04×××
Դարոյնք

Պայազիտ կամ Արշակաւան, քաղաք Արեւմտեան Հայաստանի Արարատի նահանգին մէջ։ Կը գտնուի Մասիսէն հարաւ-արեւմուտք, Ծաղկանց լեռներու Թոնդրակ լերան հիւսիսային լանջերուն։

100 տարուան ընթացքին Պայազիտը չորս անգամ (1828, 1854, 1878, 1914) գրաւուած է ռուսական զօրքերուն կողմէ եւ վերադարձուած՝ թուրքերուն։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքը ինկած է նեղ դաշտի մը խորքը, մերկ եւ ժայռոտ լեռներու միջեւ։ Քաղաքը բաց է միայն հիւսիսային կողմէն, իսկ միւս երեք կողմերէն շրջափակուած է ժայռերով։ Հիւսիսային կողմը կը գտնուի Գռնաւուկ դաշտը, որուն քովէն կը հոսի Կռնատիկ գետակը։ Գետակին վրայ կայ միակամար քարաշէն կամուրջ մը։

Քաղաքը ունէր աղբիւրներ։

Կլիմայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գարունը չոր եւ արեւոտ էր, ամառը` մեղմ, աշունը` հաճելի, իսկ ձմեռը՝ ցուրտ։ Ունէր առողջարար օդ։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ․, էջ 593: