Jump to content

Վեհանցականութիւն

Վեհանցականութիւնը (Transcendentalism) փիլիսոփայական շարժում է, որ զարգացաւ 1820-ական եւ 1830-ական թուականներու վերջին Միացեալ Նահանգներուն արեւելեան շրջաններուն մէջ[1][2]։

Հիմնական գաղափարը մարդոց եւ բնութեան միջեւ բնորոշ բարութեան մէջ կը կայանայ, երբ հասարակութիւնն ու անոր հաստատութիւնները աղաուաղեր են անհատին մաքրութիւնը. մարդիկ լաւագոյնը կը զգան, երբ իսկապէս ինքնավստահ եւ անկախ են:

Վեհանցականները, Աստուածային փորձառութիւնը իբրեւ առօրեայի բնորոշ յատկութիւն կը սեպեն, փոխանակ հեռաւոր երկինքին հաւատալը: Վեհանցականները ֆիզիքական եւ հոգեկան երեւոյթները գործնական ընթացքին կարեւոր մասը կը նկատեն։

Վեհանցականութիւնը կը շեշտէ ներքին մտատեսութեան կարեւորութիւնը փորձառական հմտութեան նկատմամբ: Հետեւորդները կը կարծեն, որ անհատները ամբողջովին ունակ են ինքնատիպ պատկերացումներ յառաջ բերելու ՝ անցեալի տէրերուն հանդէպ քիչ ուշադրութեամբ եւ յարգանքով վերաբերուելով: Շարժումը յառաջացաւ որպէս արձագանք ՝ բողոքելու այդ շրջանին մտաւորականութեան եւ հոգեւոր ընդհանուր վիճակին դէմ: Հարվըրտի աստուածաբանական դպրոցին մէջ ուսուցանուող the Unitarian church Միադաւան եկեղեցուոյ վարդապետութիւնը սերտօրէն կապ ունէր անոր հետ:

Վեհանցականութիւնը յառաջացաւ «անգլիական եւ գերմանական գեշապաշտութենէն «ռոմանդիսիզմ»-էն, Եոհան Կոդֆրիտ Հըրտըրի եւ Ֆրիտրիխ Շլայըրմախըրի աստուածաշունչի քննադատութենէն, Տէյուիտ Հիւմի[1] սկեպտիկանութիւն» եւ Իմմանուէլ Քէնդի վեհանցական փիլիսոփայութենէն ու գերմանական իտիալականութենէն:

Միլլըրն ու Վերսլուիսը, Էմանուէլ Սուիտընպըրկին «Emanuel Swedenborg» եւ Ճէյքըպ Պոհմէին «Jakob Böhme» Վեհանցականութեան վրայ համատարած ազդեցութիւն ունեցող մտաւորականներ կը համարեն: Վեհանցականութիւնը նաեւ միտքի փիլիսոփայութեան եւ հոգեւոր առումով՝ զօրաւոր կերպով ազդեցուեցաւ, հատկապէս Ուփանիշատներու «Upanishads» վերաբերեալ հինտուական «Hindu» բնագիրներէն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Goodman Russell (2015)։ «Transcendentalism»։ Stanford Encyclopedia of Philosophy  "Transcendentalism is an American literary, political, and philosophical movement of the early nineteenth century, centered around Ralph Waldo Emerson."
  2. Wayne Tiffany K., խմբգր․ (2006)։ Encyclopedia of Transcendentalism։ Facts On File's Literary Movements։ ISBN 9781438109169