Սուլթան Համիտի Մահափորձ
Սուլթան Համիտի Մահափորձը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գ. Ընդհանուր Ժողովին, որ 1904-ին գումարուեցաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ, առաւ ծանրակշիռ որոշում մը՝ վերսկսելու ցուցական գործունէութեան Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ։
Պոլիսը մայրաքաղաքն էր Օսմանեան կայսրութեան. հոն կային բազմաթիւ օտար դեսպանատուներ։ Իզմիր իր կարգին մեծ քաղաք մըն էր, ուր կային Եւրոպական արեւտրական կեդրոններ։ Ուրեմն, այս ձեւով պիտի ցնցուէին թէ՛ սուլթանը եւ թէ եւրոպացիները, որոնք պիտի ստիպուէին հաշուի առնել հայերուն ուժը եւ յեղափոխական վճռակամութիւնը։
Այս պայմաններուն մէջ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կու տար իր պատմութեան ամէնէն ծանրակշիռ որոշումներէն մէկը՝ ահաբեկել հայ ժողովուրդի գլխաւոր դահիճ Սուլթան Համիտը։ Ասոր համար կը կազմուէր յատուկ մարմին մը, որ կը կոչուէր Ցուցական Մարմին։ Անոր անդամներն էին Քրիստափոր, Սաֆօ (Մարտիրոս Մարգարեան), Թորգոմ (Պոլսոյ գործիչ), Յովնան եւ Աշոտ Եղիկեան: Քրիստափոր՝ Սամուէլ Ֆայն անունով օտար անցագիրով մը կու գայ Պոլիս։ Շնորհիւ այս օտար անցագիրին ներկայ կ'ըլլայ սուլթանին «սելամլըք»ի արարողութեան, երբ սուլթանը Եըլտըզ պալատէն կ'ելլէ, կ'ողջունէ զինք դիտելու եկած օտար դեսպանատուներու պաշտօնեաները, կ'ուղղուի մզկիթ եւ աղօթքէն ետք նոյն արարողութիւնը կը կրկնէ։ Քրիստափոր կը հաշուէ, թէ որքա՛ն կը տեւէ այս արարողութիւնը։
Անկէ ետք կ'անցնի Պուլկարիա։ 1905, 14 Մարտին գործակից ընկերներուն հետ միասին կը մեկնի Սոֆիայի մօտ գտնուող Վիտոշ լեռը՝ փորձելու համար Վռամշապուհ Քենտիրճեանի պատրաստած ռումբերը։ Առաջին փորձին ռումբը կը պայթի Քրիստափորի ձեռքին մէջ, կը նահատակուի նաեւ Վռամշապուհը։ Յաջորդ օր տեղի կ'ունենայ երկու անձնուրաց յեղափոխականներու թաղումը Սոֆիայի մէջ։
Չորս ամիս ետք, 1905, 21 Յուլիսին կը կատարուի մահափորձը, Քրիստափորի գործակիցներուն՝ Ռուբինայի, Սաֆոյի եւ Զարեհի (Պանք Օթոմանի հերոսներէն) կողմէ։ Եըլտըզ պալատի պարիսպներէն ներս կը պայթի կառքը, կը նահատակուի Զարեհը, բայց սուլթանը կը փրկուի մզկիթէն ելած ժամանակ շէյխի մը հետ խօսքի բռնուած ըլլալուն պատճառաւ։
Թէեւ մահափորձը չի յաջողիր, սակայն սուլթանը այլեւս նոր ջարդի հրամաններ չ'արձակեր, որովհետեւ կը զգայ, որ իր կեանքը հեռու չէ հայ յեղափոխականներու ռումբերուն կամ փամփուշտներուն հասողութենէն։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայ Պատանիի Գիրք».