Ուիքիփետիա:Անաւարտ յօդուած


Անաւարտ յօդուած մը յօդուած մըն է որ շատ կարճ է հանրագիտարանային չափանիշներով: Այս էջը ընդհանուր ձեւով կ'ապացուցէ անաւարտ յօդուածներու օրէնքներն ու կանոնները, եւ կը վերաբերի բոլոր հետաքրքրուած խմբագիրներու:

Նախնական Տեղեկութիւն[Խմբագրել աղբիւրը]

Անաւարտ յօդուածը այն յօդուածն է որ, թէեւ կը պարունակէ տեղեկութիւն, ունի լուրջ ընդհանուր տեղեկութեան պակաս որ ընդհանրապէս կ'ակընկալուի հանրագիտարաններէ: Կ'արժէ նշել որ ցանկեր, ստորոգութիւններ, կաղապարկներ, վերայղումներ եւ քննարկման էջերը չեն կրնար անաւարտ յօդուած համարուիլ:

Եթէ անաւարտ յօդուած մը վստահելի աղբիւրներ չունի, կամ յօդուածին նիւթը հանրագիտարանի մէջ գտնուելիք նիւթ մը չէ, կրնայ ջնջման ենթարկուիլ կամ իր տեղեկութիւնը դառնալ ուրիշ աւելի ընդհանուր յօդուածի մէկ մասը:

Թէեւ միայն կարճ բացատրութիւն մը արդէն ինքնին «անաւարտ յօդուած» կը համարուի, կ'արժէ միշտ յիշել որ Ուիքիփետիան բառարան չէ: Բառարանի մը եւ հանրագիտարանի մը տարբերութիւնը հետեւեալն է՝

  • Բառարանի մը բացատրութիւնը կ'ըլլայ այդ բառին կամ կարճ նախադասութեան մասին, եւ յաճախ կ'ունենայ կարգ մը տարբեր բացատրութիւններ:
  • Հանրագիտարանի մը բացատրութիւնը կ'ըլլայ ընդհանուր նիւթին մասին, եւ ոչ միայն բառին, եւ յաճախ կ'ունենայ միայն մէկ ուղիղ բացատրութիւն:

Ընդհանրապէս ոչ-ամբողջական բայց չափով երկար յօդուածները չեն համարուիր անաւարտ: