Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/02-2021

  • 1 Փետրուարին Միանմարի մէջ յեղաշրջում տեղի կ՛ունենայ։ Երկիրը բանակին կը յանձնուի․ Աուն Սան Սու Քի կը ձերբակալուի։ Ա․Մ․Ն․ նախագահ, Ճօ Պայտըն, Միանմարի բանակի ղեկավարներէն կը պահանջէ իշխանութիւնը վերադարձնել ։
  • Ռուսիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ Ալեքսէյ Նաւալնիին ձերբակալման դէմ բողոքներ կը կատարուին։
  • Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Կարսի մէջ 1 Փետրուարին, կը սկսին «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները։
  • Վատիկանի մէջ, Ֆրանսիսկոս պապի հրամանագրով, 27 Փետրուարը պիտի նշուի իբրեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օր։
  • Ֆրանսայի Նիս քաղաքային խորհուրդին որոշումով, քաղաքին մերձակայքը գտնուող «Jardin de l’Arménie»-ի հանրապարտէզը պիտի վերանուանուի ու կրէ Արցախի անունը։