Jump to content

Շարանուագ

Շարանուագը, բազմամաս երաժշտական երկ է: Suite Instrumentale-ն (շարանուագ կամ պարային նուագաշար) բազմամաս նուագարանային ստեղծագործութիւն է: Ան կ'ընդգրկէ իրարու յաջորդող եւրոպական հնագոյն պարերու շարք, որոնք գրուած են միեւնոյն Tonalite'-ով, սակայն ունին տարբեր բնոյթ, չափ եւ արագութիւն:

Նախապէս Իտալիոյ մէջ սովորութիւն կար պարեղանակները նուագել ոչ միայն պարելու, այլ նաեւ ունկնդրելու համար: Ունկնդրութիւնը աւելի հետաքրքրական դարձնելու նպատակով 16-րդ դարուն սկսան յաջորդաբար իրարու միացնել դանդաղ Pavana եւ աշխոյժ Gagliarda պարերը:

Baroque ժամանակաշրջանին Suite-ը կ'ընդգրկէր հետեւեալ չորս պարերու շարքը՝ Allemande (գերմանական), Courante (ֆրանսական), Sarabande (սպանական) եւ Gigue (անգլիական): Հետագային այս պարերուն միացան նաեւ Menuet-ը, Gavotte-ն, Bourree-ն, Polonaise-ը եւ այլ պարեր:

Դասական լաւագոյն Suite-ները 18-րդ դարու առաջին կիսուն ստեղծած են Պախ եւ Հենտըլ: 17-18-րդ դարերուն պարագաին Suite-ը մեծ դեր ունեցած է Sonate-ի, Symphonie-ի եւ այլ բազմամաս ձեւերու ստեղծման մէջ:

  • «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ