Jump to content

Մոլորակներ

Փայլածու եւ Արուսիակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փայլածուն եւ արուսիակը յարաբերաբար փոքր, բայց խտամարմին երկրանման մոլորակներ են: Փայփլուն Արեւին ամենամօտիկ մոլորակն է:

Փայլածուն 4878 քմ. ի տրամագիծ մը ունի: Արեւէն 58միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան 88 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: Ամէնէն արագ մոլորակն է: Դառնալով Արեւին շուրջ, Փայփլուն նաեւ կը դառնայ ինքն իր շուրջ 65 օրուան մէջ: Փայլածուի մէկ օրը քիչ մը աւելի երկար է քան երկրային 58 օրերը: Բազմաթիւ խորոչներ պարունակող Փայլածուի մակերեսը կը յիշեցնէ Լուսինը: Փայլածուի մթնոլորտը շատ ցած խտութիւն ունի. Այդ պատճառ կը դառնայ, որ հողին ջերմաստիճանը ցերեկին հասնի 450 °C ի, ինչ որ լիովին բաւարար է կապար հալեցնելու: Ընդհակառակն, գիշերները շատ ցուրտ կ'ընէ հոն՝ -180 °C : Ամերիկեան Մարինըր տիեզերաչափը զայն նկարած է 1947-ին եւ կրցած է ստուգել, որ ան կը պարունակէ Լուսնին մեծութեամբ կրակէ կորիզ մը:

Արուսիակը, Փայլածուէն ետք, Արեւին երկրորդ ամէնէն մոտիկ մոլորակն է: Մեծութեամբ նման է երկեին (12.012 քմ. ), որ յաճախ կը նկատուի անոր երկուորեակը: Արեւէն 108 մլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, անոր շուրջ կը դառնայ 225որէն: Ինքն իր վրայ կը դառնայ 243 օրէն, միւս մոլորակներու շարժումին հակառակ ուղղութեամբ: Արուսիակը, որ յաճախ կոչուած է ((Հովիւնին աստղ))ը, արեգակնային դրութեան ամէնէն լուսաւոր մոլորակն է: Արուսիակը երբեմն կ'երեւի արեւնամուտէն անմիջապէս ետք, իսկ երբեմն՝ արեւածագէն առաջ: Շրջապատուած է ամպային խիտ խաւով մը, որ գլխաւորաբար կազմուած է բնածվային կազէ: Այս 100 քմ. թանձրութիւն ունեցող խաւը Արեւի ջերմութեան կը թոյլատրէ թափանցնել մինչեւ իր մակերեսը, սակայն չ'արտօներ, որ կրկին վերադառնայ միջոց (ջերմանոցի ազդեգցութիւն): Այդ պատճառաւ, Արուսիակի հողին ջերմաստիճանը շուրջ 480 °C է:

Հրատ եւ Լուսնթագ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրատն ալ Փայլածուի եւ Արուսիակի նման վտամարմին եւ երկրանման մոլորակ մըն է: Ան Երկրէն աւելի փոքր է: Լուսնթագը, սակայն, Արեգականային Դրութեան ամենամեծ մոլորակն է: Ան երկու անգամ աւելի մեծ է, քան միւս բոլորը միասին առած:

Հրատը երկրէն ետք մեծութեամբ չորրորդ մոլորակն է Արեգակնային Դրութեան: Իր տրամագիծն է 6794 քմ.: Արեւէն 228 միլիոն քմ. հերաւոռութեան վրայ՝ 687 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: ինքն իր շուրջ կը դառնայ 24 ժամէն եւ 37 վայրկեանէն: Իր մակերեսը ժայռոտ եւ անապատային է: Հրատը շրջապատուած է բնածխային կազի բարակ մթնոլորտով մը: Ունի ջուր՝ սառած ձեւի տակ, ծովեր, մարած հսկայ հրաբուխներ, խորունկ ձորեր եւ երկու լուսիններ ( Ֆոպոս եւ Տէյմոս): Հրատը կոչուած է (( Կարմիր Մոլորակ))՝ ընդարձակ գօտիներ ծածկող իր կարմրորակ մետաղեայ փոշիին պատճառով: Գետնին փերմաստիճանն է միջին հաշուով -23 °C:

142700 քմ. չափող իր տրամագիծով՝ Լուսնթագը Արեգակնային Դրութեան ամենամեծ մոլորակն է: Արեւէն 778 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան գրեթէ 12 տարիներու պէտք ունի մէկ անգամ անոր շրջանը ընելու համար. մինչ ինքն իր վրայ կե դառնայ 9,8 ժամուան մէջ:

Ունի 16 արբանեակներ, որոնց գլխաւորները կը կոչուին Իօ, Եւրոպա, Կանինէտ եւ ԳԱլլիստօ: Մակերեսը ծածկուած է կազային ամպով մը: Ձգողական ոյժը իր մակերեսին վրայ Երկրին կրկնապատիկն է: Այսինքն՝ մարդ մը հոն պիտի կշռէր իր երկրային կշիռքին կրկինը: Իր մթնոլորտի արտաքին խաւը շատ պաղ է (-24 °C), մինչ ցած խաւերուն ջերմաստիճանը կրնան մինչեւ 27 °C հասնիլ:

Երեւակ օղակաւոր մոլորակը Արեգակնային Դրութեան վեցերորդն է: Երէւակը ամէնէն նուազ խիտ մոլորակն է, սակայն 35 անգամ աւելի ծանր է, քան Երկիրը:

Իր 120660 քմ. չափող Երեւակը կ'ընէ Արեգակնային Դրութեան երկրորդ ամենախոշտ մոլորակը: Արեւէն 1430 միլիոն հեօաւորոըթեան վրայ՝ անոր շրջանը կ'ընէ 30 տարիէն: Սակայն ինքն իր վրայ լման դարձուածք կը կատարէ 10 ժամ 24 վայրկեանէն: Ան ինքն իր առանցքին շուրջ կը դառնայ այնպիսի արագութեամբ մը, որ իր հասարակածին վրայ գոյացուցած է կորնթարդ մակերես մը: Երեւակը ունի հաստատուն կորիզ մը՝ շրջապատուած հեղուկ ջրածինի խաւով մը: Ջրածինով հարուստ մթնոլորտը մասնաւորապէս անհանդարտ է: երեւակրային ուրականէ մը տասը անգամ աւելի արագ հովեր կը փչեն իր հասարակածին շուրջ: Միջին ջերմաստիճաննէ -190 °C:

Երեւակը կը բնորոշուի նաեւ իր արբանեակներոըն թիւով (առնուազն 20): Ամենակարեւորը՝ Տիտան աւելի մեծ է քան Փայլածու մոլորակը:

Իր գծաուոր մակերեսով եւ իր լայն գոընաւոր օղակներով՝ Երեւակը մոլորակներուն ամենաշքեղն է: Հինգ օղակներ, բաղկացած միլիոնաւոր սառուցապատ ժայռի կտորներէ, կը դառնան մոլորակին շուրջ տարածութեան մը վրայ, որ աւելի մեծ է քան նոյնինքն Երեւակը: Ուրանոս, Նեփթիւն, Պղուտոն

Ուրանոս, Նեփթիւն եւ Պղուտոն մոլորակները կը գտնուին Արեգակնային Դրութեան սահմաններուն մօտ: Երկրէն դէպի Ուրանոս ճամբորդութիւն մը քոնքորտ օդանաւով պիտի տեւէր առնուազն 150 տարի:

Ուրանոսը հսկայական մոլորակ մըն է (հասարակածային տրամագիծը 51,200 քմ.) բաղկացած մանաւանդ ջրածինէ եւ հելիումէ։ Իր ժայռային կորիզը շրջապատուած է սառոյցով: Արեւէն շատ հեռու (2870 միլիոն քմ.) գտնուելուն համար, ան շատ պաղ է (միջին ջերմաստիճան -220̊C): Շրջապատուած է բարակ օղակներով եւ ունի 15 արբանեակներ, որոնցմէ յիշենք Միրանտան: Իր արանցքին վրայ պտոյտը կը տեւէ 16 ժամ (Ուրանոսի օրը), իսկ Արեւին շուրջ իր թաւալումը՝ 84 տարի: Իր բեւըռներէն իւրաքանչիւրը Արեւին ցուցադրուած կը մնայ 42 տար՛ի շարունակ:

Ուրանոսէն անդին, Արեւէն 4,500 միլիոն քմ. հեռաւոդութեան վրայ, Նեփթիւնը ունի 50,000 քմ. հաշուող տր, ամագիծ մը: Արեւին շուրջը կը դառնայ 165 տարիէն: Ինքն իր առանցքին վրայ՝ 18 ժամէն: Ունի դժուար նշմարելի օղակներ եւ 8 արբանեակներ: մակերեսին ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ մինչեւ -220̊Cի: Նեփթիւնը կ'ըդգրկէ նաեւ բաց կապոյտ սկաւարակ մը եւ լայնածաւալ ամպի գօտիներ:

Պղուտոն պզտիկ սառած մոլորակ մըն է՝ կազմուած ժայռէ եւ մեթանէ։ Ան աւելի պզտիկ է, քան մեր Լուսինը( իր տրամագիծնէ միայն 2300 քմ.): Արեւէն 5900 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, 250 տարի կը դնէ անոր շուրջը մէկ անգամ դառնալու համար: Բոլոր մոլորակներուն մէջ՝ Պղուտոն ունի ամէնէն երկարաձիգ ուղեծիները: Այնպէս որ մերթ ընդ մերթ ան կը մտնէ Նեփթիւնի ուղեծիներէն ներս: Պղուտոն իր առանցքին վրայ կե դառնայ 6 օր եւ 10 ժամէն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մշակութային Իմ Առաջին հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 20, 21, 24, 25, 26, 27, 28, 29, 30, 31։