Մկրտիչ Նուպարեան

Մկրտիչ Նուպարեան

Նուպարեան գերդաստանի ծագումը հին է եւ մենք ունինք՝ Տ. Յովհան քհն.Վանանդեցիի մէկ վաւերաթուղթը, ուրկէ քաղուած է այդ փառաւոր տոհմին ցեղագրութիւնը։

Ազգին բարիք ընող եւ հայրենիքի բարգաւաճման համար աշխատող գերդաստան մը եղած է Նուպարեան գերդաստանը, որ 1830–ին Զմիւռնիոյ մէջ կը բնակէր ու անկէ շառաւիղներ կան ցայսօր թէ՛ Եգիպտոս եւ թէ Զմիւռնիա։

Սոյն ցեղը կը սերի Սիւնեաց աշխարհէն, զաւկէ զաւակ սերունդ մը աճելով հոն, կը հասնի մինչեւ Թորոս անուն անձ մը, փառաւոր, քաջ ու հայրենասէր, որ նոյն աշխարհի օրէնքով Չաւընտուր գաւառին կ'իշխէր եւ իր տէրութեան սահմաններու թշնամիներուն հետ հաշտ ապրելով, խաղաղ ու բարեկարգ վիճակի մը հասցուցած էր գաւառը։

Նոյն ժամանակներուն Սիւնեաց աշխարհի հանգիստը կը խանգարուի, պարսիկները եւ ուրիշներ կը յարձակին, անհնար վիշտերու կը մատնեն հայերը։ Վրաց մեծ իշխանը, Վսայ Ափիւեաց Շանաւուզ կը ղրկէ ազգութեամբ հայ՝ Դաւիթ Սիւնի զօրապետը, որ անպարտելի էր, իրեն ընկերակից ունենալով 40 հայազգի քաջեր, պաշտպանելու համար երկիրը աւերումէ (1722–ին)։

Այդ խումբին կը միանայ Նուպար փաշան Չաւընտուրայ Թորոս․ ինքնաբերաբար կ'առաջարկէ անոնց հետ միասին կռուիլ թշնամիին դէմ ու ազատել հայրենիքը հարստահարութիւններէ . այս խումբը միանալով բազմաթիւ քաջերու՝ կը կռուին պարսից Բաթալի խանի դէմ, յաղթելու մօտ, հայ իշխան Ֆռակուլի դաւաճանութեամբ կը սպաննուի1724–ին։

Թորոսի մահէն ետք Չաւընտուրայ իշխանութեան կ'անցնի իր ազգականը՝ երիտասարդ, գեղադէմ եւ արի Նուպար, որ բոլոր կռիւներուն մէջ յաղթական ըլլալով կը յաջողի իր գաւառին վիճակը հանդարտեցնել ու երկիրը նեղողներէն ապահովցել։

Դաւիթ Բեկի Յուշարձան Կապանի մէջ.

Բայց Մեծ իշխանն Դաւիթ Սիւնի նախարար ու անոր յաջորդ ալ Մխիթար Սպարապետ իր զօրքերէն դաւաճանուելով 1730–ին կը սպաննուի, որով զօրապետներն ու զօրքերը կը մնան անգլուխ եւ տեսնելով թշնամիներուն զօրանալը, բոլորն ալ կը ցրուին աշխարհի չորս կողմը։

Ասոնցմէ ոմանք Պարսկաստան կը գաղթեն, ուր շատեր պարսից զօրավար կ'անուանուին, մէկ մասն ալ Գուգարաց մեծ իշխանին դիմելով անոր կը յարին, ուրիշներ ալ բազմաթիւ ճանապարհորդութիւններէ ետք Օսմանեան երկիրները կը դիմեն, որոնցմէ Նուպար եւ ուրիշներ՝ Զմիւռնիա կ'երթան ու հոն հասնելով իրենց բնակութիւնը կը հաստատեն։

Նուպար հոն զաւակներ կ'ունենայ Դաւիթ, Սողոմոն եւ Պաղտասար, որոնք Զմիւռնիոյ մէջ վաճառականութեամբ կը զբաղին, ասոնցմէ Սողոմոնը իր արդիւնաւոր ջանասիրութեամբ կը յաջորդէ իր հօր՝ Նուպարի։

Սողոմոն կ'ունենայ 4 զաւակ՝ Նուպար, Մկրտիչ, Առաքէլ եւ Դաւիթ, որոնք վաճառականութեամբ կր զբաղին, ասոնցմէ Նուպարի զաւակն էր Յովհաննէս Նուպարեան, որուն զաւակներն են Ստեփան եւ Մեսրոպ Նուպարեան, (ծանօթ գրագէտ ու համակրելի թարգմանիչը Մոլիէրի կատակերգութեանց), իսկ Մկրտիչ

Նուպար փաշա

Նուպարեան, որ առաջնակարգ դիրք մը ունեցած էր Զմիւռնիոյ մէջ, վաճառականութեան շնորհիւ հոն ամուսնացած էր Կիւլ Հանըմի հետ եւ ունեցած՝ երկու զաւակ Առաքէլ Պէյ եւ Նուպար փաշա ։

Իր դամբարանը դժբախտաբար քանդուած է, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ այրուելէն ետք, վերաշինուած ատեն բոլոր հին տապանաքարերը՝ թաղական աղաներու հրամանով, կոտրտուեր ու իբրեւ քար գործածուեր են։ Այս ցաւալի քանդումէն ետք 1857–ին Աստուածատուր Ապրօ՝ Մկրտիչ Նուպարեան ընտանիքին ոսկերոտիքը, սանդուխին անմիջապէս կից տեղ մը հաւաքելով՝ նոր քար մը դրած է հետեւեալ հաւաքական արձանագրութեամբ․

«Յետ նորոգման եկեղեցւոյս յայսմ շիրիմ եդին ոսկերք Մկրտիչ աղային Նուպարեան, նորին կողակից Կիւլ հանըմ Խաթունի եւ որդւոց Շարլօ Պէյին եւ Սողոմոն Չէլէպիին որք ի ժամանակս ի տէր հանգեան»։

Այո, տապանաքարէն կը հասկնանք, թէ՝ Մկրտիչ Նուպարեան կ'ունենայ չորս զաւակ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ձեռագիր Տ․ Յովհաննէս Վանանդեցւոյ» ու նամակ Մ․ Նուպարեան՝ ուղղուած 1907 Դեկ. Կարապետ Շէրեաճեան պէյի։ «Պատմութիւն Չամչեան» եւ այլն։

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Սիւնիքի Ազատագրական Պայքար» (1722-1730 թթ․)