Jump to content

Մկնիկ

Հին սովորակական օբդիգական մկնիկ
Մկնիկի կառուցուածքը
Անլար մկնիկ՝ Apple Mighty Mouse

Համակարգչային մկնիկը սարք է նախատեսուած էկրանի կրաֆիքական պատկերներու հեռակառավարման համար։ Մկնիկները կ'ըլլան 2 կամ 3 կոճակներով, որոնցմէ երկուքը լիովին կը բաւարարեն օգտագործողի աշխատանքը։

Ներկայիս յաճախ կը կիրառեն օբդիգակամեքանիգական մկնիկները, տեղադրուած է գնդիկ մը ամրացուած է երկու ուղղահայեաց պտտուող «laser»ներու միջեւ, որոնցմէ մէկը կ'արձագանգէ X-երու առանցքով տեղաշարժման պարագային, իսկ միւսը՝ Y-ներու։ Հարթ մակերեւոյթի վրայ մկնիկները տեղաշարժելու գնդիկը կը շարժի՝ իր հերթին շարժելով «laser»ները։ Վերջիններուն վրայ կան փոքրիկ գօ-օրտինադային սկաւառակներ՝ միգրոսգոբիկ բացուածքներով։ Քուրսորի դիրքի մասին տեղեկութիւն ստանալու համար կիրառուած են ինֆրակարմիր եւ ֆոթօ ընդունիչները։ Ինֆրակարմիր ճառագայթը անցնելով նշուած բացուածքներու միջեւ, ընկալուած է ֆոթօ ընդունիչներով եւ համապատասխան ելեկտրական ազդանշանը կը հաղորդէ համակարգիչին։

Օպտիկական մկնիկներու առաջինները տեղեկութիւնը կը ստանային գործունէութեան մակերեւոյթին անդրադարձուած լոյսէն։ Ժամանակին օբդիգական մկնիկը փոքրիկ տեսախցիկ միգրոբրոսեսըրներ են, որ կը մշակէ ստացուող ազդանշանը։

Անլար մկնիկները 2 տեսակի են՝ ինֆրակարմիր ճառագայթի միջոցով եւ ռատիոհաղորդման օգնութեամբ տեղեկութիւն հաղորդող մկնիկներ։

  • «Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների տեխնիկական բազան», ՀՊՏՀ; Երեւան 2006։