Գունդ

Գունդ, երկրաչափական մարմին է, կեդրոնէն տուեալ մեծութենէն ոչ հեռու կէտերու ամբողջութիւն: Այդ մեծութիւնը գունդի շառաւիղն է:
Կազմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գունդը կը կազմաւորուի կիսաշրջանն իր անշարժ տրամագիծին շուրջը պտտելով: Այդ տրամագիծը գունդի առանցքն է, իսկ անոր երկու ծայրակէտերը՝ բեւեռներն են: Գունդի մակերեւոյթը ոլորտն է:
Հիմնական եզրոյթներ[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոլորտի երկու ուղղահայեաց շառաւիղներ
Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, r-ը ոլորտին (գունդի մակերեւոյթին) շառաւիղն է. կեդրոնէն դէպի ոլորտի որեւէ մէկ կէտը երկարող ամէն մէկ գիծ նոյնպէս կը կոչուի շառաւիղ: «Շառաւիղ» բառը կը գործածուի երկու իմաստով՝ որպէս գծահատուած (հատուած) եւ որպէս այդ հատուածին երկարութիւնը:
Եթէ շառաւիղը կեդրոնին վրայով երկարի մինչեւ ոլորտին հակադիր կողմը, անիկա կը կազմէ տրաամագիծ: Շառաւիղին նման, տրամագիծին երկարութիւնը նոյնպէս կը կոչուի տրամագիծ եւ կը նշանակուի d տառով: Տրամագիծերը ամենաերկար գծահատուածներն են, որոնք կարելի է գծել ոլորտի երկու կէտերու միջեւ. անոնց երկարութիւնը շառաւիղին կրկնապատիկն է՝ d = 2r
Տրամագիծով իրարու միացած ոլորտի երկու կէտերը կը կոչուին իրարու հակոտնեայ կէտեր (անտիպոտներ):
Միաւոր ոլորտը մէկ միաւոր շառաւիղ (r = 1) ունեցող ոլորտն է: Յարմարութեան համար՝ ոլորտներուն կեդրոնը յաճախ կ՚ընդունուի կոորդինատային համակարգի սկզբնակէտը, եւ այս յօդուածին մէջ նշուած ոլորտներուն կեդրոնը կը գտնուի սկզբնակէտին վրայ, եթէ յատուկ կերպով այլ կեդրոն մը չէ յիշատակուած:
Ոլորտի վրայ գտնուող մեծ շրջանագիծը ունի նոյն կեդրոնն ու շառաւիղը, ինչ որ ոլորտը, եւ զայն կը բաժնէ երկու հաւասար կիսագունդերու:
Թէեւ Երկրագունդի ձեւը կատարեալ ոլորտային չէ, սակայն աշխարհագրութենէն փոխառնուած եզրոյթները յարմար են ոլորտին վրայ կիրարկելու համար: Անոր կեդրոնէն անցնող որոշակի գիծ մը կը սահմանէ առանցքը (ինչպէս Երկրի պտտման առանցքը): Ոլորտի եւ առանցքի հատումը կը սահմանէ երկու հակոտնեայ բեւեռներ (հիւսիսային բեւեռ եւ հարաւային բեւեռ): Բեւեռներէն հաւասարահեռ գտնուող մեծ շրջանագիծը կը կոչուի հասարակած: Բեւեռներուն վրայով անցնող մեծ շրջանագիծերը կը կոչուին երկայնութեան գիծեր կամ միջօրէականներ: Ոլորտի վրայ գտնուող փոքր շրջանագիծերը, որոնք զուգահեռ են հասարակածին, լայնութեան շրջանագիծեր են (կամ զուգահեռականներ): Աստղագիտական մարմիններու հետ չառնչուող երկրաչափութեան մէջ երկրակեդրոն (աշխարհագրական) եզրաբանութիւնը պէտք է գործածուի միայն որպէս պատկերաւոր բացատրութիւն եւ նշուի այդպէս, բացի այն պարագաներէն, երբ թիւրիմացութեան որեւէ հաւանականութիւն չկայ[2]:
Մաթեմատիկոսները ոլորտը կը նկատեն երկչափ փակ մակերեւոյթ՝ տեղադրուած եռաչափ Էվկլիդեսեան տարածութեան մէջ: Անոնք յստակ տարբերութիւն կը դնեն ոլորտի (sphere) եւ գունդի (ball) միջեւ. վերջինս հոծ մարմին է՝ սահման ունեցող եռաչափ բազմաձեւութիւն, որ կը ներառէ ոլորտով պարփակուած ծաւալը: Բաց գունդը կը բացառէ բուն ոլորտը (մակերեւոյթը), մինչդեռ փակ գունդը կը ներառէ զայն. փակ գունդը բաց գունդի եւ ոլորտի միութիւնն է, իսկ ոլորտը՝ (փակ կամ բաց) գունդի սահմանն (եզրն) է: Գունդի եւ ոլորտի միջեւ այս տարբերակումը միշտ չէ որ պահպանուած է եւ յատկապէս հին մաթեմատիկական աղբիւրներուն մէջ ոլորտի մասին կը խօսուի որպէս հոծ մարմնի: Հարթութեան վրայ «շրջանագիծի» (circle) եւ «սկաւառակի» (disk) միջեւ եղած տարբերութիւնը նմանօրինակ է:
Փոքր ոլորտները կամ գունդերը երբեմն կը կոչուին ոլորտիկներ կամ գնդիկներ (օրինակ՝ Մարսեան ոլորտիկները):
Մեր Շուրջի Գունդերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գնդաձեւութիւնը բնութեան մէջ ամէնէն տարածուած ձեւերէն մէկն է: Ատիկա անով պայմանաւորուած է, որ հաւասար ծաւալներ ունեցող մարմիններու ամէնափոքր մակերեւոյթն ունի գունդը: Գնդաձեւ են բոլոր երկնային մարմինները՝ Երկիրը եւ միւս մոլորակները, Լուսինը, Արեգակը եւ բոլոր միւս աստղերը: Գդաձեւ են նաեւ շատ պտուղներ՝ խնձորը, նարինջը, ձմերուկը:
Գունդի Բանաձեւները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]| Մակերեւոյթի մակերեսը | |
|---|---|
| Ծաւալը | |
| Սեկմենթի ծաւալը |


Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (անգլերեն) Sphere, 2026-05-31, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Sphere&oldid=1357032817, վերցված է 2026-06-11
- ↑ Chisholm, Hugh, (22 Feb. 1866–29 Sept. 1924), Editor of the Encyclopædia Britannica (10th, 11th and 12th editions), Oxford University Press, 2007-12-01, https://doi.org/10.1093/ww/9780199540884.013.u194658, վերցված է 2026-06-11